Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Զօրակցինք Լիբանանահայոիթեան Վերականգնումին Մասնակցելով Թելեթոնին

By August 20, 2020June 3rd, 2024No Comments

Լիբանանահայութեան վերականգնումին զօրակցելու նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին։ Աւերն ու քանդումը աննկարագրելի են եւ զանոնք յաղթահարելը կը կարօտի ամբողջ հայութեան միակամ ու անվերապահ զօրակցութեան։

Այս ծիրին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Համագաղութային Խորհուրդը, շարունակելով իը հանգանակային աշխատանքները, ծրագրած է նաեւ հեռատեսիլային հանգանակութիւն մը՝ Թելեթոն, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 30 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 5-8 եւ պիտի սփռուի հայկական հեռատեսիլի ARTN, Horizon, Pan Armenian TV, եւ US Armenia կայաններէն, ինչպէս նաեւ առցանց՝ ուղիղ եթերով։

Կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն, որ կարելի սահմաններուն մէջ եւ անվերապահօրէն շարունակեն մասնակցիլ այս դրամահաւաքին եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններով օժանդակութեան ձեռք երկարեն Լիբանանահայութեան՝ որպէսզի կարենայ յաղթահարել տնտեսական, առողջական, հոգեկան ծանր տագնապը եւ կարելի փութով ձեռնարկուին վերաշինութեան աշխատանքերու, վերականգնելու Սփիւռքի ծաղկուն եւ կարեւոր գաղութներէն՝ Պէյրութի հայաշունչ օրրանը։

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք ուղարկել առցանց՝ www.hyeaidlebanon.org, www.facebook.com/hyeaidlebanon հասցէներուն միջոցաւ, կամ հեռաձայնելով 818-660-5453 թիւին։

Close Menu

Categories