Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Էնսինոյի Համայնքը Տօնեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 62-Րդ Տարեդարձը

By October 17, 2025No Comments

Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ամէնամեայ ճաշկերոյթին, որ այս տարի կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ օծման 62-րդ տարեդարձին առիթով: Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Խաթուն Սարեան» շրջափակին մէջ, հիւրընկալութեամբ օրուան նախագահ՝ Տիար Տոքթ. Մայք եւ Եվելինա Սարեանի:

Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամ՝ Տիար Յովիկ Պետեւեան, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, շրջանի պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ բարեկամներ:

Ճաշկերոյթը աղօթքով բացաւ եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, որմէ ետք Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Յարութ Գամպերեան, փոխանցեց իր սրտին խօսքը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ ամէն տարի այս շրջանի եկեղեցւոյ օծման տարեդարձը տօնական մթնոլորտով յագեցած ճաշկերոյթով կամ ձեռնարկով նշելը ամէնէն խօսուն ապացոյցն է իր շրջանի եկեղեցիին նկատմամբ համայնքին ունեցած կապուածութեան, որ կը ծնի Աստուծոյ եւ ազգին նկատմամբ հաւատարմութենէն: Ապա խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ ըսաւ. «Կապուածութիւն, որ յարատեւ ու ամէնամեայ է, հաւատարմութիւն, որ շարունակականութեամբ կը դրսեւորուի. երկուքն ալ մեծապէս գնահատելի են այս համայնքի զաւակներուն կեանքին մէջ»:

Հուսկ, խօսք առաւ Տոքթ. Սարեան եւ յետ շնորհակալութեանց փափաք յայտնեց շրջափակը վերանուանել իր ծնողներուն անունով՝ զայն կոչելով «Երջանիկ եւ Խաթուն Սարեան շրջափակ», ապա՝ ակնարկելով յառաջիկայ տարուան, նշեց, որ սիրով կը ստանձնէ եկեղեցւոյ օծման 63-րդ ամեակի ճաշկերոյթին նախագահութիւնը:

Close Menu

Categories