Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, ինչպէս նաեւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալներու տօնին առիթով աւուր պատշաճի քարոզեց՝ իր խօսքին մէջ վեր առնելով քրիստոնէական սկզբունքներու վերակենսաւորման կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայի կեանքէն ներս եւ ազգի հաւաքական ապրումներուն մէջ:
Ս. Պատարագը մատոյց Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, Հոգաբարձութիւն, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 10-րդ կարգի աշակերտները եւ խուռներամ բազմութիւն մը:
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նախատօնակի Սիրոյ սեղանին՝ The Gates ճաշարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ Տիկին Մարուշա Արթանի, ներկայութեամբ աւելի քան 170 հայորդիներու, որոնց շարքին էին ազգային բարերարներ, շրջանի պատկան եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային երեսփոխաններ եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ:
Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւն եւ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու ներկաները, ապա Հոգաբարձութեան անունով շնորհաւորեց ներկաներուն եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ անդամներուն Ամանորն ու Ս. Ծնունդը, մաղթելով որ 2024 թուականը ըլլայ խաղաղութեան տարի՝ համայն մարդկութեան եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի համար, Հայաստան եւ Սփիւռք:
Տիկնանց միութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Նէնսի Պէտիրեանի շնորհակալական ջերմ խօսքերէն ետք հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ դրուատիքով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհիկ մարդուժի միասնական գործունէութեան, բարձր գնահատեց գօրծօն իւրաքանչիւր անդամի բերած նպաստը՝ շրջանի հոգեւոր եւ կրթական կառոյցներու եւ ազգային կեանքի բարեզարդման աշխատանքներուն, ապա, այս առիթով, Ազգային Առաջնորդարանի անունով խորհրդանշական գումարի մը խոստումը կատարեց՝ մաղթելով յաջողութիւն Սան Ֆերնանտօ հովիտի ծաղկող համայնքի ազգաշէն ծրագիրներուն: Այնուհետեւ, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազանի, եկեղեցւոյ Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան անունով օրուան հիւրընկալ՝ Տիկին Մարուշա Արթան, ստացաւ յատուկ յուշանուէր՝ առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ բարեզարդման համար իր կատարած տասը հազար ($10,000) տոլար նուիրատուութեան:
Հուսկ, ընտանեկան խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք, մինչ սրահը լեցուեցաւ՝ բոլոր կողմերէն հնչող տօնական օրերու անկեղծ ու սիրալիր մաղթանքներով: