Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Էշկիեան Ընտանիքը Կը Հովանաւորէ Միւռոնօրհնէքի Բոլոր Յուշանուէրներուն Ծախսերը

By June 8, 2022May 31st, 2024No Comments

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, 1 Յուլիս 2022-ին, պիտի կատարէ Միւռոնի օրհնութիւն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ:

Հոգեւոր սփոփանքի եւ հոգենորոգ զուարճութեան առիթ հանդիսացող Միւռոնօրհնէքի նախօրեակին, Արեւմտեան Թեմի բարերարներ ու ազգայիններ զանազան մակարդակներու վրայ եւ լիաբուռն՝ որպէս խորհրդանիշ ուխտի, ինչպէս նաեւ՝ Կիլիկեան դարաւոր Աթոռի նկատմամբ տածած հաւատարիմ սիրով տոգորուն, իրենց զօրակցութիւնը ցոյց կու տան տարբեր ձեւերով:

Ուրախ ենք յայտնելու, որ ցարդ արձանագրուածներուն վրայ եկաւ աւելնալու ողջունելի նոր մը, այն, որ ընդառաջելով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի առաջարկին, կաթողիկոսութեան զաւակ եւ Թեմի ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեան ու իրենց զաւակները՝ Նարէ եւ Գօգօ, սիրով կը հոգան Միւռոնօրհնէքի առիթով պատրաստուող բոլոր յուշանուէրներուն ծախսերը:

Մեկնած այս ոգեւորիչ ժեսթէն՝ Առաջնորդ Սրբազանը այսու իր բարձր գնահատանքը կը փոխանցէ բարերար ընտանիքին՝ միաժամանակ կոչ ուղղելով բոլոր-բոլորին, որ չզլանան իրենց բարեգործական ներդրումը՝ Աթոռոյ առաւել պայծառացման հրաշափառ առաքելութեան մէջ:

Close Menu

Categories