Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ընդունելութիւն՝ Ի Պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր – Ֆերմանեան Զոյգը Պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանով – Հնչեց Լիբանանահայութեան Զօրավիգ Կանգնելու Կոչ

By August 11, 2021June 14th, 2024No Comments

Ուրբաթ, 6 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, ի պատիւ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններու կազմակերպութեամբ եւ իրենց տան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն, ներկայութեամբ հիւրընկալ ամոլի կողմէ հրաւիրուած խումբ մը բարեկամներու:

Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան որպէս հանդիսավար արտասանեց բարեմաղթական խօսքեր, ապա Տիկին Մարօ Ֆերմանեան իր եւ իր ընտանիքին անունով բարի գալուստ մաղթեց աւելի քան հարիւր ներկաներու եւ իր սրտագին մաղթանքները փոխանցեց Սրբազան Հօր:

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեան այս առիթով արտասանեց իր սրտին խօսքը՝ ընդգծելով Սրբազան Հօր առաջնորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը, դրուատեց անոր նուիրական ծառայութիւնը եւ իր սրտագին շնորհաւորանքները մատոյց երիտասարդ, նորընտիր Սրբազան Հօր:

Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ եզակի այս առիթը, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ի պատիւ ընդունելութիւն ըլլալու կողքին է՛ նաեւ օրհնեալ պահ՝ քով-քովի գալու եւ միասնաբար վայելելու Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի հովուական ներկայութիւնը ոչ միայն այս երեկոյին, այլեւ ընդհանրապէս մեր կեանքին մէջ: Ստեղծուած այս անզուգական պատեհութեան համար Աւ. Քահանայ հայրը նաեւ շնորհաւորեց հիւրընկալ Ֆերմանեան ամոլը իր ազնիւ մտածումին ու բարձր կազմակերպուածութեան համար, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ ներկաներուն ուղղէ իր սրտին խօսքը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆերմանեան ամոլին՝ բացառիկ ընդունելութեան առիթով, ներկաներուն, որոնք ընդառաջելով Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններու հրաւէրին, ներկայ եղան երեկոյին, առ ի խնդակցութիւն Արեւմտեան Թեմի իր Առաջնորդ ընտրութեան, ապա արժանաւորինս գնահատեց հրաւիրեալներուն ցուցաբերած մնայուն զօրակցութիւնը Արեւմտեան Թեմին եւ սրտագին կոչ ուղղեց բոլորին, որ իրենց խնամքն ու զօրակցութիւնը անվերապահօրէն յայտնեն Լիբանանի մէջ ներկայիս տնտեսական եւ ընկերային գետնի վրայ անմարդկային ծանր պայմաններ դիմագրաւող լիբանանահայութեան, որ ազգի վերջին դարու կեանքին մէջ իր լուսափառ ներկայութեամբ միշտ եղած է յաղթանակներու կերտիչ, իսկ այսօր, դժբախտաբար, կը տուայտի երկիրը հարուածող տեսակ-տեսակ տագնապներու անողոք հարուածներուն տակ: Իր խօսքի աւարտին Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեանը՝ Արեւմտեան Թեմի եւ ընդհանրապէս հայութեան կեանքին մէջ կատարած իր յոյժ գնահատելի բարեգործութեանց եւ ցուցաբերած ծառայական ոգիին համար:

Հուսկ, ազգային բարերար Պետիկ Ֆերմանեան արտասանեց իր սրտին խօսքը՝ իր եւ իր ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւններ յայտնելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. Վեհափառին, իրեն տրուած շքանշանին համար, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր հրաւէրին ընդառաջելուն համար եւ բոլոր հիւրերուն, իրենց ոգեշնչող ու գօտեպնդիչ ներկայութեան համար:

Close Menu

Categories