Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ՝ «Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք Խաղաղութեան եւ Անդորրութեան Վերահաստատման Համար

By June 4, 2020June 3rd, 2024No Comments

Ինչպէս գիտէք, այս օրերուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեղի կ’ունենան բողոքի ցոյցեր եւ քաղաքացիական անկարգութիւններ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 7 Յունիս 2020-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Պատարագի ընթացքին «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի աշխարհի խաղաղութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ անդորրութեան վերահաստատման խնդրանքով։

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը միանալու մեզի եւ աղօթակից դառնալու, որպէսզի խաղաղութիւնը, եղբայրական սէրը, միասնականութիւնը եւ արդարութիւնը տիրեն բոլորին սրտերէն ներս։

Close Menu

Categories