
Նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2020ի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, հայցելով Ամենաբարձրեալէն, որ երկնային լոյսով ողողէ Հայաստան-Արցախ աշխարհը եւ աստուածային ջերմութեամբ լուսաւորէ համայն հայ ժողովուրդի զաւակները՝ հայրենի եզերքէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափեր:
Հակառակ ցուրտ եղանակին եւ երեկոյ ըլլալուն, Թեմիս հոգեւոր հովիւներն ու եկեղեցւոյ սարկաւագները Սրբազան Հօր հետ փոխն ի փոխ աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ լուսաւորեցին տիրող մութը: Արդարեւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը «Արեւագալ»ը զգաց, շնչեց եւ ապրեցաւ ջերմեռանդ հաւատքով ու երկիւղածութեամբ: Աղօթքի կանգնած հոգեւորական դասն ու հաւատացեալները ի խորոց սրտի դիմեցին լոյսի Արարիչ Աստուծոյ՝ տառապեալ Հայաստանի ու հայութեան փրկութեան ի խնդիր:
Սրբազան Հայրը իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ երեկոյեան ժամուն «Արեւագալ» երգելը կը միտի յոյս ներշնչել մեր հայրենիքին ու զաւակներուն, քաջարի նահատակներու հոգիներուն լուսաւորում եւ խաղաղութիւն աղերսել, հայ որդեկորոյս մայրերուն ու սգակիր հարազատներուն երկնային մխիթարութիւն հայցել, վիրաւորներուն, հիւանդներուն եւ ծանր դրութեան մէջ գտնուող հայրենի քոյր-եղբայրներու կեանքին մէջ խնդրել Աստուծոյ ուղղակի ներգործութիւնը:
Այնուհետեւ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ յաջորդաբար միաձայնութեամբ երգուեցան երեք հայրենասիրական երգեր. «Ղարաբաղի Ողբ»ը՝ առ ի զօրակցութիւն մարտնչող Արցախի, «Գարահիսար»ը՝ ի խնդիր անձնազոհ հայ զինուորի, «Զարթիր Որդեակ»ը՝ իբրեւ երախտագիտութիւն հայրենասիրութեան անզուգական օրինակ հայ մօր:
Հուսկ, ժամերգութիւնը եզրափակուեցաւ «Մեր Հայրենիք»ի միահամուռ երգեցողութեամբ եւ Սրբազան Հօր փակման աղօթքով: