Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Իր Ընտրութեան 3-րդ Տարեդարձին Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Կատարեց Ուշագրաւ Յայտարարութիւններ

By May 15, 2023May 15th, 2024No Comments

– ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ «ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ը ՀԱՍԱՒ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ

– ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ, «ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐՏԷԶ» ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱՅԻ ՄԷՋ

– ՉՈՐՍ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ԺԱՄԱՆԵՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ

– ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԸՆԴԱՐՁԱԿՈՒՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ, ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ

– ՀԱՅԵՑԻ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆ

– ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐՈՒ ՔԱՌԱՊԱՏԿՈՒՄ (400%)

– ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ՝ «ՆՈՐ ԱՒԻՇՈՎ ԿԵՆՍԱՅՈՐԴ»

Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի առաջնորդ ընտրութեան երրորդ տարեդարձին առիթով, շնորհաւորական Սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան՝ Հոգեւորական հայրեր, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան, Կրօնական ժողովի, Ազգ. վարչութեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի կազմի անդամներ, ծխական շրջաններու Հոգաբարձութեանց ատենապետներ, Ազգ. վարժարաններու տնօրէններ եւ մանկամսուրներու վարիչներ, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի երդիքին տակ գործող Տիկնանց Օժանդակ մարմինն ու անձնակազմը:

Այս առիթով, շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան Մարմիններու ներկայացուցիչները, որոնք երախտագէտ սրտով եւ խոնարհ ապրումներով շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, Արեւմտեան Թեմի պայծառութեան եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զանազան կարիքներուն իր բերած անմնացորդ ծառայութեանց համար: Երեկոն հարուստ եղաւ սրտագին մաղթանքներով, որպէսզի Աստուած Առաջնորդ Սրբազանին շնորհէ առողջ օրեր եւ պայծառ իմաստութիւն՝ հայոց ընդհանրական կեանքի ոչ բնականոն, փոթորկոտ եւ տատասկներով լեցուն ներկային մէջ նո՛յն ուժականութեամբ եւ ծո՜վ համբերութեամբ շարունակելու համար աշխատիլ՝ սիրով ու հոգատարութեամբ, մի՛շտ ապաւինելով երկինքի պաշտպանութեան:

Իր կարգին, Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան արտասանեց շնորհակալական խօսքեր՝ ստեղծուած պահը նկատելով իւրայատուկ, նաեւ՝ հաշուեյարդարային, ապա վերաշեշտեց, որ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ստացած իր դաստիարակութիւնն է, որ Արեւմտեան Թեմի սահմաններէն ներս գործով եւ ծառայութեամբ կը վերածէ կեանքի, միշտ հաւատալով, որ մարդոցմէ ու սեփական փողփողումի մակարդակէն աւելի բարձր ու վեհ ծրագիրներ իրականացնելու միտումով ձեռքին բռնած առաջնորդական ասան աւելի մեծ քաղցրութեամբ կը լենու միայն այն ատեն, երբ միտք, հոգի ու մարմին կը բանին համերաշխօրէն, գործի կ՛անցնին՝ ազգի, հայրենիքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու համայնքի ընդհանրական շահերու հիմամբ եւ յառաջ կ’երթան նպատակ-արդիւնք գործելաձեւի ճշգրիտ եւ մասնագիտական ընթացքով, որ յաւելեալ փայլքով կ՛օծէ Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն բոլորանուէր ջանքերը եւ ուրեմն կ’ապահովէ առաւելագոյն ու ամենահաստատ ձեռքբերումներ:

Շարունակելով իր խօսքը ան նաեւ վեր առաւ ազգային կեանքէն ներս առանց նախապաշարումներու գործելու հրամայականը, ապա ներկաները հրաւիրեց առաջնորդուելու համայնական տեսիլքներով, որպէսզի «արդար մշակին աշխատանքին պտուղը աւելի քաղցր ըլլայ, իսկ երկինքին մէջ անոր վարձատրութիւնը՝ աւելի առատ ու կենսայորդ»:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց կարեւոր յայտարարութիւններ եւ առաջին հերթին ըսաւ, որ «Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հիմնադրամ»ը ամբողջացած է եւ հասած մէկ միլիոն տոլարի:

Յատկապէս Նորին Սրբութեան Արեւմտեան Թեմ այցելութեան մասին խօսելով, ան ընդգծեց համախումբ ուժականութեամբ պատրաստուելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ամէնէն պատշաճ կերպով իրականացուի Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մեր շրջան այցելութիւնը, աւելցուց ան եւ ուրախութեամբ հրապարակեց, որ Լա Քրեսենթայի մէջ նոր գնուած հողաշերտին վրայ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կողքին գտնուող պարտէզը մեր ջերմ փափաքով պիտի կոչուի «Արամ Ա. Կաթողիկոս Պարտէզ», ուր պիտի կանգնեցուի բացօթեայ խորան եւ յարմարօրէն զետեղուի Վեհափառ Հայրապետի կիսանդրին:

Իբրեւ լրացուցիչ ուրախ լուրեր՝ Առաջնորդ Սրբազանը յաջորդաբար փոխանցեց, որ եկեղեցական գիտելիքներով պատրաստուած չորս երիտասարդներ մօտիկ ապագային կը հասնին Արեւմտեան Թեմ, ուր նոր թափով ընթացք պիտի առնեն աւելի կազմակերպուած եւ ընդլայնուած Ս. Գրոց սերտողութիւններ ու զանազան ձեռնարկներ, որպէսզի կարելի ըլլայ հայ-քրիստոնեային նկարագիրը աւելի եւս ամրապնդել հայ երիտասարդութեան մօտ եւ նշեց, որ այս միջոցին նաեւ պիտի կատարուին ձեռնադրութիւններ եւ շնորհաբաշխումներ:

Ակնարկելով Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ իրականացուող մարդասիրական առաքելութեան, Թորգոմ Եպիսկոպոս զայն որակեց «կորիզ»՝ իր գլխաւորած Արեւմտեան Թեմի ներկայ հանգրուանի գործունէութեան, որուն առընթեր կարեւորեց նաեւ Ազգ. վարժարաններու ընդարձակումն ու եկեղեցական կառոյցներու բարենորոգումը, միշտ աշխատակից եւ զօրակից ունենալով Ազգ. վարչութիւնը, Կրօնական ժողովը եւ տեղական Մարմինները:

Խօսելով հեռանկարային գործունէութեանց մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ շեշտով նշեց, որ եզակի ուշադրութեան արժանի է Ազգ. Առաջնորդարանին կից հողաշերտին վրայ քարեղէն նոր՝ հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի մը բարձրացումը, ապա, իբրեւ միջանկեալ տեղեկութիւն փոխանցեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանը ներկայիս ամբողջական վերանորոգութեան շրջան մը կը բոլորէ:

Յոտնկայս ծափահարութիւններու ալիքը աւելի մեծցաւ, յատկապէս երբ ներկաները հասու դարձան Առաջնորդ Սրբազանի թափանցիկ այն յայտարարութեան, թէ անցնող երեք տարիներուն՝ իր եւ Ազգ. վարչութեան անդուլ ջանքերուն շնորհիւ, Ազգ. Առաջնորդարանի անձեռնմխելի գումարները 400 առ հարիւրով բարձրացած են (400%):

Իբրեւ վերջին յայտարարութիւն, Առաջնորդ Սրբազանը յստակ կերպով ընդգծեց, որ յառաջիկայ Փետրուար եւ Մարտ ամիսներուն ծխական շրջաններէն ներս տեղի պիտի ունենան հոգաբարձական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնց, քիչ անց, կը յաջորդեն Ազգ. վարչութեան, Կրօնական ժողովի եւ Առաջնորդի ընտրութիւններ:

Եզրափակելով իր խօսքը, Թորգոմ Եպիսկոպոս ըսաւ. «Լիայոյս ենք, որ Արեւմտեան Թեմը յառաջիկային եւս վերանորոգ թափով, ուժականութեամբ ու մարդուժով կը հասնի աննախընթաց յաջողութիւններու, շնորհիւ մարդկային նոր ու կենսայորդ աւիշի, որուն համար մենք միշտ աղօթող եւ զօրակցող պիտի մնանք»:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանի «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» խմբերգով իր լրումին հասաւ երեկոն:

ԴԻՒԱՆ ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎԻ

Close Menu

Categories