Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնախմբութիւն

By January 28, 2020June 17th, 2024No Comments

Շաբաթ 25 եւ Կիրակի 26 Յունուար 2020-ին, Լաս Վեկասի Ս․ Կարապետ եկեղեցին Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, մատաղի օրհնութեամբ եւ տարեկան երկրորդ հարիսայի պատրաստութեամբ նշեց իր անուանակոչութեան տօնը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ․ Մուշեղ Արք․ Մարտիրոսեան Լաս Վեկաս ժամանեց Շաբաթ յետ միջօրէին, նախագահելու համար տօնակատարութեան։ Երեկոյեան, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ սկիզբ առաւ հարիսայի պատրաստութիւնը, ապա, «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ։ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան մասնակցեցաւ սոյն ձեռնարկին, որ այս տարի հովանաւորուած էր Տէր եւ Տիկին Ճէք եւ Լուիզ Պալապանեան ամոլին կողմէ։

Բացման խօսք արտասանեց Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Արփի Հիքս, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը սեղաններու օրհնութիւնը կատարելու, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւնը պատրաստուած եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ։ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Վահան Աւ Քհնյ. Կոստանեան ու հանդիսավար՝ Տիար Յակոբ Հաւանճեան ներկայացուցին Մշոյ Ս․ Կարապետ վանքին պատմականն ու հարիսայի աւանդութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանն ու գլխաւոր հիւպատոսը շնորհաւորական ու գնահատանքի խօսքեր արտասանեցին։ Այս առիթով, եկեղեցին պատուեց Սիրան Ներսէսեանը, Մանուշակ Ուրֆալեանը, Լիլի Սաղըրեանը, Լիանա Հաւանճեանը, Յովիկ Պայրամեանը եւ Կապրիէլա Կէյիքեանը՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեանց համար։

Ճաշի սպասարկութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակը ուր Առաջնորդ Սրբազանը, գլխաւոր հիւպատոսին, հոգեւոր հովիւին, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեանին ու հովանաւորներուն ընկերակցութեամբ, մատաղը «հարելու» բացումը կատարեցին, մինչ Լաս Վեկասի Հայկական Պարի Ակադեմիայի աշակերտները ներկայացուցին հայկական ժողովրդական պարեր։

Կիրակի, 26 Յունուարին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Ան թափօրով եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի։ Թափօրին կը մասնակցէին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտներ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու Արժ. Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան, իսկ Իսֆահանէն հիւրաբար ներկայ գտնուող՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Գալստանեան մասնակցեցաւ արարողութեան։ Հաւատացեալներուն կողքին, ներկայ էին Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեան, Հ.Յ.Դ. «Իշխան» կոմիտէի, ՀՕՄ-ի «Շուշի» եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արցախ» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզի սկզբնաւորութեան անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտչի ծննդեան տօնին՝ մէջբերելով աւետարանական այն հատուածները ուր շեշտուած է թէ Ս. Յովհաննէս եղաւ Տիրոջ ճանապարհը պատրաստողն ու հարթողը։ Ան ընդգծեց, որ Ս. Յովհաննէս մարգարէներէն մեծագոյնն էր, Բարձրեալն Աստուծոյ եւ Աստուածորդիին մարգարէն, որ իր ունեցած բոլոր շնորհքներով հանդերձ, մնաց խոնարհ եւ պարկեշտ ծառան Տիրոջ խօսքի՝ իրմէ հեռու վանելով բոլոր ուշադրութիւնները եւ հաստատելով, թէ՝ «Ասկէ ետք Իր հեղինակութիւնը պէտք է զօրանայ, իսկ ես հրապարակէ պէտք է քաշուիմ» (Յհ. 3.3)։ Ան ըսաւ, որ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հանդիսացաւ նախակարապետը Քրիստոսի եւ ժողովուրդը պատրաստեց խոստացուած Մեսիայի գալուստին՝ կոչ ընելով անոնց որ ապաշխարեն, որպէսզի երկնքի արքայութիւնը ժառանգեն։

Անդրադառնալով քրիստոնէութեան մէջ Ս. Յովհաննէս Մկրտչի ինքնուրոյն տեղին ու դերին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտադրեց, որ այնպէս ինչպէս Ս. Յովհաննէս ժողովուրդը Աստուծոյ մօտեցուց, մենք եւս պէտք է մեր նմանները Քրիստոսի եւ դէպի եկեղեցի առաջնորդենք, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է Քրիստոսի առաքեալը դառնալու. ամէն ոք, եկեղեցական թէ աշխարհական, պէտք է այդ Լոյսին վկան դառնայ, որպէսզի մեր կեանքը, վարքը եւ արարքները տեսնելով՝ հաւատան Քրիստոսի։ «Եկեղեցին, այս եկեղեցին, սոսկ շէնք մը չէ, այլ Քրիստոսով միացած հաւատացեալներու մարմինն է։ Երբ մենք Իր անունով համախմբուած ենք, այդ ժամանակ Ան մեր մէջ ներկայ կ’ըլլայ։ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մասնակցութիւն բերելով, մեր հաւատքին մէջ աւելի եւս կը պտղաւորուինք եւ կ’ամրապնդուինք, կը սրբագործուինք ու կը վերափոխուինք։ Երբ ձեր ֆիզիքական աչքերով նայիք եկեղեցւոյ գմբէթին գագաթին զետեղուած Ս. Խաչին, ձեր հոգեւոր աչքերով տեսէք նաեւ այդ խաչի միջոցաւ արտացոլուած սէրը, զոհաբերութիւնը, կենսակերպող եւ կենսափոխող աստուածատուր պատգամը։ Կը մաղթեմ, որ Ս. Կարապետ եկեղեցին այս շրջանին մէջ դառնայ ժողովուրդը միաւորող այն ապաստանն ու փարոսը, որմէ Քրիստոսի անմար լոյսը ցոլայ եւ մեր ժողովուրդը շարունակ լուսաւորէ», նշեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Իր քարոզի աւարտին, ան շնորհաւորեց ծխական մեծ ընտանիքը եւ յորդորեց, որ այս տօնախմբութիւնը ըլլայ վերանորոգութեան եւ յանձնառութեան միջոց՝ մեր հաւատքը զօրացնելու, Տիրոջ ապաւինելու ու հնազանդելու, ընտրելու բարին եւ լոյսը՝ չարն ու խաւարը խափանելու համար, որպէսզի դառնանք ժառանգորդները երկնքի արքայութեան, ինչպէս որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Ինք խոստացաւ։

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւնը, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան «Գուճաքեան» սրահ, ճաշակելու համար պատրաստուած մատաղը։

Այս առիթով, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Քորէթցի կողմէ, Կրէկ Մարթայեան գնահատագիր մը յանձնեց եկեղեցւոյ։ Խօսք առին Տիար Արմէնեանն ու հոգեւոր հովիւը, որոնք երախտագիտութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, որ նախագահեց տօնակատարութեան եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին Տիկնանց Միութեան իրենց աշխատանքին համար ու բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկին յաջողութեան։

Close Menu

Categories