Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, 8 Մարտ 2022-ին, գունագեղ եւ բարձրորակ տպագրութեամբ լոյս տեսաւ Արեւմտեան Թեմի ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի նոր՝ այս տարեշրջանի (Բ. տարի) Ա. թիւը, նուիրուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի Տարուան»: Կողքի նկար՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայր Տաճար:
Նորընծայ այս թիւը կը բացուի Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հռչակագրին առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հօր երկնած՝ «Մենք Կը Նայինք Ձեզի…» խորագրեալ ինքնատիպ գրութեամբ՝ իբրեւ «Սփիւռքի Տարուան» նուիրուած սրտի խօսք, ապա, քիչ անդին կը կարդանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան պատգամը:
«Նոր Տարի – Նոր Սկիզբ» խմբագրական խօսքով կ՛ուրուագծուին երկլեզու պաշտօնաթերթին հիմնական բնոյթն ու ուղղութիւնը՝ լրատուականէն մինչեւ հեղինակային էջեր: Արդարեւ, ներկայ թիւով կը նշուին Արեւմտեան Թեմի՝ 15 Սեպտ. 2021-էն Ս. Ծնունդ 2022 ընդգրկած ժամանակաշրջանի գործունէութեան նշանակալի երեսները, ինչպէս՝ առաջնորդական ընդունելութիւններ, հովուական այցելութիւններ ծուխերուն, Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 49-րդ նստաշրջան եւ Սրբազան Հօր խօսք, այլեւ Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ իրագործուած Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նուիրուած ծրագիրներ, «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Աւանդական Ընթրիք», Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր կառոյցին մէջ հաստատուած նոր հիմնադրամներ եւ այլն:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ինչպէս խոստացուած էր, ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի ներկայ թիւին մէջ տեղ գտած են հոգեւոր բովանդակութեամբ հայերէն եւ անգլերէն ինքնագիր յօդուածներ եւ ազգային ու քրիստոնէական աշխարհը հետաքրքրող նիւթեր, աշխատակցութեամբ Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր հայրերու, ապա արժեւորում եւ անդրադարձ կը կատարուի ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի հիմնադիր բացառիկ թիւին:
2022 տարուան Ա. թիւը իր պսակումին կը հասնի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի՝ նշեալ ամիսներու ընթացքին իրագործած համազգային գործունէութեան գլխաւոր լուրերու ներկայացմամբ: