Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը 2024 տարեշրջանը կը հռչակէ «Մարդուժի Պատրաստութեան տարի»: Այս ծիրէն ներս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի 2024 տարեշրջանի օրացոյցը կը ձօնէ այս նպատակին, մինչ հոն տեղ գտած լուսանկարները ամբողջապէս նուիրուած են Արցախի ու արցախցիներու նոր սերունդի մարդուժին, որ մեր մտքին ու հոգիին մէջ աշխատանքային նոր հորիզոններ կը ձեւաւորէ:
Օրացոյցը կը բացուի Առաջնորդ Սրբազանի օրհնութեան խօսքով, որուն խորագիրը աստուածաշնչեան՝ «Միշտ ուրախ եղէք, դարձեալ կ՛ըսեմ ուրախ եղէք» համարն է, զոր Թորգոմ Եպիսկոպոս կը կապէ աշխարհին ու համայն մարդկութեան, նաեւ կատարելով ընդգծելի մաղթանք. «2024 տարեշրջանի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան մեծ տօները իրենց շնորհած ուրախական մթնոլորտով նաեւ ինքնահայեաց առիթներ են, որպէսզի մեր հոգիները առաւել բացուին տիեզերքի Արարիչին՝ Աստուծոյ ամենալուսաւոր գահին դիմաց: Այս զոյգ տօներուն, առաջին հերթին մենք մեր Տիրոջմէն կը հայցենք կապոյտ խաղաղութիւն՝ համայն աշխարհին, յառաջդիմութիւն խթանող համերաշխութիւն՝ բոլոր ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ անխտիր եւ աստուածային սիրոյ ամենաքաղցր պտուղներու առատ ընծայում՝ մէկ մարդէն միւսը, մէկ ընտանիքէն եւ մէկ երկրէն միւսը, որպէսզի մեր կեանքէն ի սպառ չքանան պատերազմ ու տեղահանութիւն, կործանում, աւեր, մահեր, ողբ ու կական»:
Յայտնենք, որ օրացոյցի պատրաստութիւնն ու ձեւաւորումը իրականացուց Ալեքս Սրկ. Գալայճեան: