Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ի յետմիջօրէին, Գալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան եւ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց մեր համայնքի կեանքին մէջ ծերակուտական Փորթանթինոյի բերած նպաստն ու գործունէութիւնը, մասնաւորելով հիւրին հայամէտ կեցուածքը եւ ամերիկեան քաղաքական բեմին վրայ անոր ցուցաբերած հայանպաստ կեցուածքը:
Փորթանթինօ, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ Սրբազան Հօր հետ զրուցեց Փասատինայի Ազգ. Թաւլեան մանկամսուրի բարգաւաճման ի նպաստ իր զօրակցական ծրագիրներուն մասին, միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով՝ աջակցիլ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Առաջնորդարանի աշխատանքներուն:
Յայտնենք, որ Տիար Փորթանթինոյի կ՛ընկերակցէր իր օգնականը՝ Արտա Չաքեան: