Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած «Սփիւռքի Տարուան» ծիրէն ներս, մնայուն կ՛աշխատի, յանուն մեր ժողովրդեան, առաւելագոյնս ձեռք երկարել լիբանանահայ տագնապահար գաղութին:
Այսօր՝ Շաբաթ, 5 Փետրուար 2022, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նոյնատիպ երկրորդ նախաձեռնութիւն-առաջարկին ընդառաջեց՝ Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պեզճեան, որ ստանձնեց Լիբանանի Ազգ. վարժարաններ յաճախող հարիւր (100) նոր աշակերտներու կրթաթոշակին հովանաւորութիւնը, 2022-2023 տարեշրջանի համար:
Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմը, Թորգոմ Եպս.ի Գլխաւորութեամբ եւ իր Կրօնական Ժողովով, Ազգային վարչութեամբ եւ ծուխերով խորապէս կը զգայ լիբանանահայութեան ներկայ ծանր իրավիճակը եւ զանազան միջոցներով կը փորձէ մեղմել Լիբանանի մերազն ժողովուրդի ցաւերը:
Վարձքը կատար՝ բոլոր զօրակից եւ հայանուէր բարերարներուն, հովանաւորներուն եւ յայտ ու անյայտ բոլոր անոնց, որոնք օգնութիւն կը ցուցաբերեն հայ ազգի ուշադրութեան կարօտ հատուածներուն: