Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Կարօ Եւ Սօսի Էշկիեան Բարերար Ամոլը Գլխաւոր Հովանաւոր՝ «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիք»ին

By January 4, 2022June 2nd, 2024No Comments

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական Ժողովը, Ազգ. Վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլը ստանձնած է «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ի գլխաւոր հովանաւորութիւնը։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան օրը, Հինգշաբթի, 6 Յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ:

Էշկիեան ամոլը երկար տարիներու վաստակ ունի մեր գաղութին մէջ՝ իբրեւ հասարակական ազգային գործիչ, նաեւ նուիրատու բարերար, որ անվերապահօրէն զօրակցութիւն յայտնած է մեր գաղութին, Ազգային Առաջնորդարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայաստանին եւ Արցախին։

Close Menu

Categories