Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրանքներուն ականջալուր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը պարբերաբար զօրակցական ձեռք կ՛երկարէ Միջին Արեւելեան գաղութներու, ընդ որում՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի զանազան ծրագիրներու յաջողութեան:
Այս ծիրէն ներս, սրտի թարգմանը հանդիսանալով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, Ազգ. վարչութեան, Կրօնական ժողովի եւ շրջանի պատկան մարմիններու, Բերիոյ Հայոց Թեմէն Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Հրաչ Յակոբեան այսօր, Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2023-ի կէսօրին քաղաքավարական եւ շնորհակալական այցելութիւն մը տուաւ Ազգ. Առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի հետ եւ տօնական օրերու առիթով անոր փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր միաւորներուն ու իր անձնական ջերմ բարեմաղթութիւնները՝ միաժամանակ խնդրելով, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը շարունակէ դառնալ աջակից ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս՝ Բերիոյ Հայոց Թեմին:
Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Տիար Յակոբեանի՝ այցելութեան գծով, ապա, յանուն Թեմիս գործադիր զոյգ իշխանութեանց՝ Ազգ. վարչութեան եւ Կրօնական ժողովին ու անձնապէս, ան խոստացաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրանքը շարունակել ընդունիլ որպէս հրահանգ, անոր միախառնելով Բերիոյ Հայոց Թեմի խնդիրքը, որուն փոխանցողն էր յարգարժան այցելուն:
Յայտնենք, որ ընթացիկ տարուան տեւողութեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը՝ որպէս կառոյց եւ անհատ բարերարներ, որոնց շարքին Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, ի պատիւ իր հանգուցեալ Տիկնոջ՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի, զանազան առիթներով նիւթաբարոյական աջակցութիւն ցոյց տուած եւ յատկացումներ կատարած էր Բերիոյ Հայոց Թեմին, մասնաւորաբար՝ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանին: