Skip to main content
search
Uncategorized

«Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանի Տուչութիւն Տիար Մայք Սարեանի

By May 1, 2023May 1st, 2024No Comments

– 100,000 ՏՈԼԱՐԻ ՆՈՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ խնդրանքով ու ձեռամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Սարեան ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի Խաթուն Սարեան շրջափակին մէջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշան յանձնուեցաւ Տիար Մայք Սարեանի:

Արդարեւ, Տիար Մայք Սարեան, անցնող տարիներու ընթացքին բազմամակարդակ նիւթական զօրակցութիւն կատարած է Արեւմտեան Թեմի զանազան ծրագիրներու յաջողութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ գաղութային եւ համահայկական տարատեսակ գործոց յաջողութեան համար:

Հայ Եկեղեցին, Ազգային Առաջնորդարանը, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, Հայ Դատը, հայկական միութիւններ եւ կառոյցներ վայելած են Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Էվելինա Սարեանի ուշադրութիւնն ու աջակցութիւնը, որուն վերջին պսակումը կը հանդիսանայ Վեհափառ Կաթողիկոսին Արեւմտեան Թեմ Հովուապետական այցելութեան ընդառաջ հարիւր հազար ($100,000) տոլարի նուիրատուութիւնը:

Յայտնենք, որ ընտանեկան ձեռնարկին խօսք առին Տեարք Կրէկ Մարթայեան, Ճօ Կանիմեան, Էվելինա Սարեան, հարազատներ ու բարեկամներ, մինչ Հայրապետական կոնդակը ընթերցեց եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Close Menu

Categories