
Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի «Կոմիտաս» պետական լարային քառեակի արուեստագէներուն, որոնք՝ իբրեւ հին բարեկամներ, առաջին հերթին շնորհաւորեցին Գեղամ Արքեպիսկոպոսի այս շրջանի Հոգեւոր առաջնորդ ընտրութիւնը, ապա տեղեկացուցին, որ Լոս Անճելըս իրենց ժամանումը տեղի կ՛ունենայ քառեակի հիմնադրման 100-ամեակի այցելութիւններու շրջածիրէն ներս եւ հրաւէրովը HI-AM բարեգործական կազմակերպութեան, որուն նախագահութիւնը ստանձնած է Նշան Աճէմեան, որ իբրեւ ընկերակիցը խումբին, իր կարգին շնորհաւորեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի ընտրութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ մտերիմ զրոյց, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վերապրեցաւ քառեակին եւ անոր արուեստագէտներուն կապուած մօտիկ ու հեռաւոր յուշեր՝ Յունաստանի Թեսաղոնիկէի մէջ գործող Համազգայինի տեղական աշխոյժ մասնաճիւղի գործունէութեան օրերուն, երբ քառեակը 1990-ականներէն սկսեալ զանազան առիթներով հրաւիրուած է Թեսաղոնիկէ եւ Յունաստանի այլ քաղաքներ՝ նուագային ծրագիրներով եւ հայ երաժշտութեան ու անոր հիմնադիր՝ մեծանուն Կոմիտաս վարդապետի փառքը պանծացուցած՝ հայ եւ օտար հանդիսատեսներու մատուցելով փառահեղ եւ անմոռանալի ելոյթներ:
Շնորհակալութիւն յայտնելԷ ետք այցելուներու բարի մաղթանքներուն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ վերյիշեց Լիբանանի մէջ իր առաջնորդութեան վերջին տարուան (2013-ին) ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի առիթով, իր տնօրինումով լոյս տեսած արաբերէն, գունագեղ, նկարազարդ, մեծադիր, կոթողային շքեղ հրատարակութեան՝ «Մեր Բանաստեղծները, Հայաստանի փառքը կերտողները» գիրքի շնորհանդէսին մասին՝ դիտել տալով, որ այդ ձեռնարկին Հայաստանէն հրաւիրուած էր «Կոմիտաս» լարային քառեակը, որուն՝ նշեալ առիթով Լիբանան այցելութիւնը, մասնագէտ ջութակահար-թաւջութակահարներու եւ խումբի գեղարուեստական ղեկավարութեան հետ ծանօթացումն ու անոնց հետ պարբերական հանդիպումները ծնունդ տուին մնայուն բարեկամութեան, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմ արուեստագէտներուն ներկայ այցելութեան առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը իր խնդակցութիւնը յայտնեց այցելուներուն, միաժամանակ անցեալի հետաքրքրական մանրավէպերով հարաստացնելով ներկայ հանդիպման իւրայատուկ պահը:
Փոխադարձաբար, կողմերը մէկզմէկու մաղթեցին առողջ կեցութիւն եւ առաքելութեանց մէջ յաջողութիւն, իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիպումը եզրափակեց հայրական առատ օրհնութիւններով:
Հուսկ, հայրենի լարային քառեակի արուեստագէտները ընթրիքին հիւրը եղան Գեղամ Արքեպիսկոպոսի եւ Ազգ. վարչութեան: