Skip to main content
search

Շաբաթ, 11 Յունուար 2025-ի յետմիջօրէին, Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան եւ Ազգային վարչութեան Դիւանը, մեկնելով Լոս Անճելըս գաւառը հարուածած մեծածաւալ հրդեհներու պատճառով շարունակուող ահանզանգային իրավիճակէն, խորհրդակցական հանդիպման մը հրաւիրեց Լոս Անճելըս գաւառի մէջ գործող ծուխերու Հոգեւոր հովիւներն ու Հոգաբարձութեանց ատենապետները: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ առցանց դրութեամբ, առիթ տալով մօտէն իրազեկ դառնալու իւրաքանչիւր ծուխի իրավիճակին եւ ըստ կարելւոյն օժանդակութեան ձեռք երկարելու կարելիութեանց մասին խորհրդածելու:

Խորհրդակցական հանդիպման եզրակացուեցան հետեւեալները.-

• Իւրաքանչիւր ծխական շրջանի մէջ յառաջացնել օժանդակ յանձնախումբեր, համադրելու օժանդակութիւն հաւաքելու աշխատանքը (անհրաժեշտ պիտոյքներ եւ ուտեստներ) եւ տնօրինելու անոնց բաշխումը կարիքաւորներու:

• Ցանկագրել իւրաքանչիւր շրջանէ ներս իրենց գործատեղիները կամ բնակավայրերը կորսնցուցած հայորդիներու անունները:

• Լոս Անճելըս շրջանի մեր եկեղեցիներու սրահները տրամադրելի պահել իբրեւ ապաստանարան ծառայելու իրենց բնակավայրերը կորսնցուցած հայորդիներ եւ հնարաւորութեան սահմաններու մէջ անոնց օժանդակութիւն տրամադրելու:

• Թեմի բոլոր եկեղեցիներն ու Ազգային Առաջնորդարանը պիտի ընդունին նուիրատուութիւններ (առցանց թէ այլապէս): Հանգանակուած գումարները պիտի կեդրոնացուին Ազգային Առաջնորդարանի մօտ, անոր հովանիին ներքեւ գործող Օժանդակութեան Կեդրոնական Յանձնախումբի միջոցաւ տրամադրուելու կարիքաւորներու:

Նշենք նաեւ, որ Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգային վարչութիւնը յարատեւօրէն պիտի հետեւին իրավիճակին եւ ըստ պահանջի՝ տնօրինեն պարտն ու պատշաճը մեր կարելի սահմաններու մէջ, ցնոր տնօրինում:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Close Menu

Categories