Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, քանի մը ամիս առաջ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս կեանքի կոչեց հայագիտական նիւթերու հետեւող ուսանողներու ի նպաստ նոր հիմնադրամ մը, ի յիշատակ գաղութի բարերարներէն՝ հանգուցեալ Տէր եւ Տիկին Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեանի, «Սփիւռքի Տարի – Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան Հիմնադրամ» անունով: Հիմնադրամը կը հովանաւորեն հանգուցեալ ամոլին դուստրերը՝ Սեդա Գալստեան-Աղայեան եւ Այտա Գալստեան-Նորհատեան:
Այս Հիմնադրամէն կրնան օգտուիլ Ամերիկայի եւ Սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ ապրող հայ ուսանողներ, որոնք բարձրագոյն հաստատութիւններէ կամ համալսարաններէ ներս հայերէնով կամ օտար լեզուներով կը հետեւին հայագիտական ուսմանց դասընթացքներու կամ գիտական հետազօտութիւն կը կատարեն հայկական բանասիրութեան, Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող զանազան կալուածներէ ներս: Հիմնադրամի առաջին տարուան յատկացումները պիտի կատարուին 2022-2023 տարեշրջանի համար:
Դիմումի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ.-
Ա. Նամակ մը, ուր նշուած ըլլան դիմողին ամփոփ կենսագրականը, հանրային կեանքէն ներս վարած գործունէութեան մասին տեղեկութիւն, նամակատան ու ել-նամակի հասցէները եւ հեռաձայնի թիւը: Սոյն նամակին կցել նաեւ դիմողին լուսանկարը:
Բ. Անջատ թուղթի վրայ նշել ուսումնական հաստատութեան կամ համալսարանի անունը, հասցէն եւ դիմողին ուսանողական կարգավիճակը. քանի՞ տարուան ուսանող է, ուսումնառութեան շրջանը ե՞րբ կ՛աւարտի եւ ո՞ր լեզուով կը հետեւի դասընթացքներուն:
Գ. Դիմողին համալսարանական անձնագիրը (Student ID) եւ անոր ստացած ուսանողական նիշերու ցուցակը:
Դ. Մասնագէտի մը կողմէ յանձնարարական մը (նախընտրաբար):
Դիմումի ամբողջական թղթածրարները պէտք է Ազգ. Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուին մինչեւ 30 Յունիս 2022, յղուած հետեւեալ հասցէին կամ ել-նամակի դրութեամբ.
ARMENIAN STUDIES STUDENTS GALSTIAN SCHOLARSHIP FUND
C/O WESTERN PRELACY
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214
info@westernprelacy.org
Ծանօթ .- Ոչ ամբողջական կամ նշեալ ժամկէտէն ուշ հասնող դիմումները նկատի պիտի չառնուին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ