
Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս․ Արք․ Խաչերեանի նախագահութեամբ, Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2025-ին գումարուած Խառն ժողովը հետեւեալ տնօրինումները կատարեց.-
Գերպ․ Տ․ Միւռոն Ծ․ Վրդ․ Ազնիկեան, յետ այսու Արեւմտեան Թեմէն ներս պիտի ստանձնէ կրօնա-դաստիարակչական աշխատանքեր, որով ազատ կը կացուցուի Մոնթեպելլոյի Ս․ Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչի պատասխանատուութենէն։
Արժ․ Տ․ Աշոտ Քհնյ․ Գամպուրեան՝ Մոնթեպելլօյի Ս․ Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ հանգստեան կը կոչուի։
Խառն ժողովը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Գերպ․ Տ․ Միւռոն Ծ․ Վրդ․ Ազնիկեանին, հոգեւոր, կրօնադաստիարակչական գործունէութեան եւ հովուական ծառայութեան համար։ Ինչպէս նաեւ, Արժ․ Տ․ Աշոտ Քհնյ․ Գամպուրեանին, քահանայական եւ հովուական ծառայութեան համար Արեւտմեան Թեմէն ներս։
Արժ․ Տ․ Մովսէս Քհնյ․ Շաննագեան ժամանակաւոր կերպով պիտի կատարէ Մոնթեպելլոյի Ս․ Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր մատակարարումները։
Յայտնենք նաեւ, թէ այս տարուան Ապրիլ ամսուն, Տ․ Մկրտիչ Աւ․ Քհնյ․ Քէշիշեան միացաւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասուն ու նշանակուեցաւ Կլենտէյլի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։։
Մօտ անցեալին, արդէն յայտարարած էինք, թէ Լաս Վեկասի Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Արցախ Քհնյ․ Պատոյեան, նշանակուած է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր, եւ Արժ․ Տ․ Պարգեւ Քհնյ․ Պալգէւորգեան միանալով Արեւմտեան Թեմին հոգեւորականաց դասուն, նշանակուած է Լաս Վեկասի Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
ԴԻՒԱՆ ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎԻ


