Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Համահայկական Խորհուրդի Ատենապետը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր

By June 3, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 29 Մայիս 2024-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Համահայկական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեանի։ Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։

Տիար Կանիմեան նախ շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը առաջնորդական ընտրութեան առիթով, ապա ներկայացուց Համահայկական Խորհուրդի ծաւալած գործունէութիւնը ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան շրջանի այս ափերուն վրայ։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հայ կեանքը յուզող մարտահրաւէրներուն եւ դիմագրաւած դժուարութեանց։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Տիար Ժոզէֆ Կանիմեանին ջերմ խօսքերուն համար, գնահատեց Խորհուրդի հայրենանուէր առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց Արեւմտեան Թեմի անվերապահ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը ուղղուած Համահայկական Խորհուրդին։

Close Menu

Categories