Հինգշաբթի, 18 Մայիս 2023, առաւօտեան ժամը 10-ին, Արեւմտեան Թեմը հանդիսաւորապէս նշեց Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը: Այս առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Համբարձման հոգեւոր արարողութեան, իր կողքին ունենալով Թեմի Հոգեւորականաց դասը: Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, որ ողջունելէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը, աւուր պատշաճի քարոզեց՝ վեր առնելով Յիսուս Քրիստոսի երկինք Համբարձման խորհուրդը:
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազանը իր շքերթով ուղղուեցաւ Կլենտէյլի «Պրէնտվիու» սրահ, ուր նախագահեց Համբարձման տօնին առիթով Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպած Սիրոյ սեղանին, հիւրընկալութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերար Տիկին Նուէր Սամուէլեանի:
Սիրոյ սեղանին ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, շրջանի մէջ գործող միութիւններու Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
Կազմակերպիչ մարմինի անդամ եւ օրուան հանդիսավար Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան կատարեց բացման խօսք, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի փոխանցէ իր պատգամը: Թորգոմ Եպիսկոպոս առաջին հերթին վերապատմեց Համբարձման տօնը եւ շնորհաւորեց ներկաները քրիստոնէական այս կարեւոր տօնին առիթով, ապա Մայիս ամսուան ակնարկելով՝ շնորհաւորեց սրահը լեցուցած բոլոր մայրերուն ու մեծ մայրերուն տօնը եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինի ժրաջան անդամներուն, ապա վեր առաւ հայուհեաց մայրական, մարդկային եւ մարդասիրական առաքինութիւնները՝ յատկապէս հայ ընտանեաց, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի կեանքէն ներս ու այս իմաստով դրուատեց օրուան հիւրընկալ բարերարուհին՝ Տիկին Նուէր Սամուէլեանը, որուն նուիրեց Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած բիւրեղեայ յուշանուէր, առ ի գնահատում իր առատաձեռն զօրակցութեան:
Յայտնենք, որ սրահ մուտքին, Մայրերու օրուան առիթով բոլոր հայուհիներուն բաշխուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանի կողմէ նուիրուած մէկական վարդ, իսկ ձեռնարկի ընթացքին հայկական պարերով հանդէս եկաւ «Լիլիա Տէնս Սթիւտիո»յի եռանդամ պարախումբը (պարուսոյց՝ Լիլիա Մարգարեան), մինչ տօնախմբութիւնը ազգային ու ժողովրդական երգերով խանդավառեց երգիչ Վարանդ: