Հինգշաբթի, 13 Մայիս 2021, առաւօտեան ժամը 10-ին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Հոգեւորականաց դասուն: Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձման տօնի խորհուրդին:
Յետ Պատարագի, Կլենտէյլի «Ֆենիշիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպած Համբարձման աւանդական ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որուն կ՛ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան:
Ճաշկերոյթին հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր Թեմիս բարերարներէն Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեան, որ կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած ճաշկերոյթին ներկայ գտնուիլ։ Առ ի գնահատանք Տիկին Օհաննէսեանին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ յատուկ յուշանուէր մը ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի կողմէ ծաղկեփունջ մը պիտի փոխանցուին հիւրընկալ տիկնոջ։
Ճաշկերոյթին բացումը կատարեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինի ատենապետ Վանիա Պապիկեան, ապա հանդիսավար Ալվարդ Բարսեղեան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելու Համբարձման տօնի եւ «Մայրերու օր»ուան առիթով:
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան նախ գնահատեց կազմակերպիչ մարմինի անդամները, դրուատեց անոնց ժրաջանութիւնն ու նուիրական աշխատանքը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալին, բարերարներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներուն իրենց ցուցաբերած անվերապահ զօրակցութեան համար:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ճաշկերոյթին ներկայ բոլոր մայրերը եւ ըսաւ, որ հայ մայրը տան ողնասիւնն է, ամուսնոյն ապահովութիւնն է, զաւակներուն դաստիարակն ու առաջնորդող վառ օրինակն է եւ իր թոռներուն պահապան հրեշտակը, «որ բոլորիս կեանքը կ՛իմաստաւորէ իր անաւարտ սիրով, համբերատարութեամբ եւ նուիրումի անսակարկ ոգիով», դիտել տուաւ ան։ Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէր յանձնեց Կիրակնօրեայ վարժարանի բազմամեայ ուսուցչուհի Սեդա Քէչէճեանին, առ ի գնահատանք անոր վաստակին եւ եկեղեցանուէր գործունէութեան: Այս առիթով, բոլոր մայրերուն բաշխուեցան վարդեր եւ աղօթագիրքեր:
Այնուհետեւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան անդրադարձաւ Համբարձման տօնին խորհուրդին, իսկ գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան «Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան» վարժարանի աւարտական 8-րդ կարգի աշակերտները, ապա մայրերու նուիրուած երգերով ճաշկերոյթը ճոխացուց Յովհաննէս Պալեան:
Հուսկ, ներկաները ինքնաբուխ երգեցին Համբարձման տօնը յատկանշող ժողովրդային երգեր եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերին աւանդական վիճակաձգութեան: