Skip to main content
search
Uncategorized

«Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութիւնը Գոյն Կու Տայ Մեր Կեանքին», Հաստատեց Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

By December 10, 2022June 10th, 2024No Comments

30 Դեկտեմբեր 2022-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ներկայութեամբ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներու, գլխաւորութեամբ ատենապետ Եղբ. Աւօ Կաբակչուզեանի, որոնք, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, եկած էին Առաջնորդ Սրբազանին հայրական օրհնութիւնները ստանալու:

Հանդիպման ընթացքին Թորգոմ Եպիսկոպոս բարձր գնահատեց այցելուներուն բարի եւ օրինակելի կերպարը համայնքի կեանքէն ներս, քաջալերեց զանոնք՝ զանազան գաղթօճախներէ ներս իրենց ծառայական բարի գործունէութեանց համար եւ հետեւեալ ձեւով բնութագրեց Հայց. Առաք. Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութիւնը. «Դուք մեր ազգի հոգեւոր կեանքին նոր գոյն ու երանգ կու տաք Ձեր ծառայութեամբ, աստուածաշնչական Ձեր համապարփակ ծանօթութեամբ ու ակներեւ բծախնդրութեամբ Ձեր ջուրը խմելով Մայր Եկեղեցիէն, ջրտուք կը կատարէք պուրակներու մէջ: Այս իմաստով մենք բարձր կը գնահատենք Ձեր ծառայութիւնը եւ կը մաղթենք, որ Դուք աւելի եւս ծաղկիք ու տարածուիք ազգի կեանքէն ներս»:

Եղբ. Կաբակչուզեան, իր կարգին, խոր երախտագիտութեամբ արձագանգեց Առաջնորդ Սրբազանի գօտեպնդիչ խօսքերուն՝ աղօթելով ու մաղթելով, որ Մայր Եկեղեցւոյ երդիքին ներքեւ Եղբայրակցութիւնը վերանորոգ թափով շարունակէ ծաւալել իր քրիստոնէական ծառայութիւնը:

Յայտնենք, որ մեկնումի պահուն, հիւրերը իրենց լուման ձգեցին Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական գանձարկղին մէջ:

Close Menu

Categories