
Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ Տոքթ. Տիկին Ֆրիտա Ճորտընի:
Այցելուները շնորհաւորեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի տօնին առիթով, զեկուցեցին իրենց վերջին իրագործումներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն մասին՝ ընդգծելով, որ վերջին ամիսներուն առաւել եւս ուռճացած է աշխատողներու թիւը, ինչպէս նաեւ նոյնքան աճած՝ այս ծրագիրով հետաքրքրուողներուն թիւը, մարդկային կեանքի փրկութեան ի նպաստ:
Բժիշկ Տիկին Ճորտըն նաեւ բացատրեց, որ Հիմնարկը կը շարունակէ նոր նուիրատուներ (donors) գտնել աշխարհի տարածքին, ի նպաստ իրենց դիմող հիւանդներու առողջութեան վերականգնման եւ մարդկային կեանքերու փրկութեան՝ աւելցնելով, որ որքան մեծ ըլլայ նուիրատուներուն թիւը, այնքան մեծ կ՛ըլլայ մահացու հիւանդութեանց տէր մարդոց առողջանալու եւ կեանքին վերադառնալու հաւանականութիւնը, ապա վարչութեան անունով խնդրամատոյց եղաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ ճշդէ եւ գլխաւորէ մօտիկ Կիրակի մը՝ իբրեւ աղօթքի օր:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, շնորհաւորեց պատասխանատուներն ու իրենց օգնական կամաւոր ծառայողները՝ ոսկրածուծի պատուաստման ճամբով իրենց կատարած յոյժ գնահատելի գործին համար եւ դիտել տուաւ, որ Մեծ Պահոց շրջանի հոգեւոր արթնութեան եւ կեանքի նորոգման այս ներկայ օրերուն առաւել եւս կը շեշտուի մարդասիրական նմանօրիկ ծառայութեանց կարեւորութիւնը մարդոց կեանքին մէջ՝ ըսելով. «Դուք անյոյսներուն յոյս կը ներշնչէք եւ յուսահատները յոյսով կը զինէք»:
Յետ խորհրդակցութեան, Կիրակի 23 Մարտ 2025-ը որոշուեցաւ աղօթքի օրուան թուական: