Չորեքշաբթի, 25 Յունուար 2023-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:
Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին պատուիրակութիւնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր փոխանցեց հիմնարկի աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ, որոնց լոյսին տակ Թորգոմ Եպիսկոպոս գնահատեց Ոսկրածուծի հիմնարկի վարչութիւնն ու նախագահը իրենց անձնուէր գործունէութեան համար եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց: