Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2021ի յետմիջօրէին Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին երիտասարդ եղբայրներ՝ Հայկ եւ Շահան Գազանճեաններ, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի յայտնեցին իրենց խանդավառութիւնը՝ ամէն Կիրակի հեռատեսիլէն սփռուող «Եկեղեցին Հայկական» յայտագրի նորովի ներկայացման կերպին եւ բնոյթին մասին, որ «լրատուութեան կողքին ունի նաեւ ուսուցողական եւ դաստիարակչական ներդրում՝ մեր ժողովուրդի եւ յատկապէս հայ երիտասարդութեան կեանքէն ներս», նշեցին եղբայրները եւ այս առիթով տասը հազար տոլար ($10,000) դրին Առաջնորդ Սրբազան Հօր տրամադրութեան տակ, առ ի գործածութիւն «Եկեղեցին Հայկական» յայտագրի առաւել արդիականացման:
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Գազանճեան եղբայրներու օրինակելի վերաբերումը եւ գործոց յաջողութիւն մաղթեց անոնց:
Յիշեցնենք, որ «Եկեղեցին Հայկական»ը ամէն Կիրակի առաւօտեան ժամը 9ին կը սփռուի USARMENIA հեռատեսիլային կայանէն ու Հորիզոնէն, եւ նոյն օրը ժամը 2ին կը կրկնուի քրիստոնէական ICFN կայանէն: Յայտագրին նաեւ կարելի է հետեւիլ համացանցի վրայ (Youtube եւ Facebook-Armenian Prelacy of the Western United States):