Երեքշաբթի, 24 Յունուար 2023-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան եւ Ամերիկայի հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներէն Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ Դոկտ. Նազարէթ Տարագճեանի, գործադիր տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան Հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի եւ փոխ նախագահ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանին հետ քննարկելու հայութիւնը յուզող ազգային զանազան հարցեր:
Զրոյցի աւարտին հիւրերը իրենց խորին ցաւակցութիւնները յայտնեցին Թորգոմ Եպիսկոպոսի, Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի վախճանման առիթով:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը դրուատեց Աւետարանական համայնքի ազգային-քրիստոնէական, գաղութային եւ հայրենական գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, իրինց ապագայ ծրագիրներուն: