Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հայ Կրթական Հիմնարկի 70-ամեակի Ճաշկերոյթին՝ Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Առաջնորդ Սրբազանը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պատուեց Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան Ամոլը

By January 28, 2020June 17th, 2024No Comments

Կիրակի, 26 Յունուար 2020-ին, Պեվըրլի Հիլզ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կրթական Հիմնարկի 70-ամեակի ճաշկերոյթը։ Այս տարի, Հիմնարկը «Lifetime Service» մրցանակով պատուեց Տիար Վահիկ Պետրոսեանը, որ երկար տարիներ շարունակ եղած է Հիմնարկի անդամ, բարերար եւ կամաւոր, իսկ «Lifetime Achievement» մրցանակով՝ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութեան կեդրոնի հիմնադիրներ՝ Տէր եւ Տիկին Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան ամոլը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ յանուն Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Սիմոնեան ամոլին շնորհեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութեամբ, զոր կատարեցին Ազգ. Մեսրոպեան եւ Ֆերահեան վարժարաններու աշակերտուհիներ։ Հոգեւոր հայրերը կատարեցին բացման աղօթքը։ Հիմնարկի խորհուրդի նախագահ՝ Տիար Փիթըր Պաղտասարեան համառօտ կերպով ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած են այդ առաքելութեան իրականացման գործընթացին։ Խօսք առաւ Հայաստանի մէջ Հայ Կրթական Հիմնարկի գրասենեակի Գործադիր Տնօրէնուհի՝ Տիկին Արմինէ Հարոյան։ Երկու տեսաերիզ ցուցադրուեցաւ. մին՝ Հիմնարկի տարած աշխատանքին, իսկ միւսը՝ կրթաթոշակային ծրագրի վերաբերեալ։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ պարգեւատրումները. հիմնարկի փոխ նախագահ Տոքթ. Այտա Ռշտունի Ճուհարեան ներկայացուց Տիար Պետրոսեանը, իսկ ճաշկերոյթի յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ալ Կապրալոֆ՝ Սիմոնեան ամոլը ու զանոնք հրաւիրեցին ստանալու համար իրանց մրցանակները։ Յոբելեարները փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերը։ Խօսք առին նաեւ Վահէ Քուզոյեան եւ Արա Մահտէսեան, որոնք իրենց քաջալերանքը, ինչպէս նաեւ նիւթական ու բարոյական զօրակցութիւնը արտայայտեցին ԹՈՒՄՕ կեդրոնին։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր շնորհաւորական խօսքը։ Ան նախ բարձրօրէն գնահատեց Հայ Կրթական Հիմնարկի ազգանուէր առաքելութիւնը, որ տարիներ շարունակ Ամերիկայի եւ արտերկրի մէջ հայկական դպրոցներ հիմնելու հովանաւորութիւնը ստանձնած է, իսկ հայկական դպրոցներուն ժամանակակից սարքաւորումներ եւ ուսանողներուն կրթաթոշակներ կը տրամադրէ։ Ան օրհնեց եւ գնահատեց Հիմնարկի անդամներն ու կամաւորները՝ իրենց մեծ նուիրուածութեան համար, որոնք երիտասարդութեան միջոցներ կ’ընձեռնեն՝ աւելի լաւ ու պայծառ ապագայ ունենալու համար, ինչպէս նաեւ այն բոլոր բարերարներուն ու նուիրատուներուն, որոնց շնորհիւ Հայ Կրթական Հիմնարկը իր առաջադրանքները կեանքի կը կոչէ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով դրուատեց օրուան պարգեւատրեալները եւ անդրադարձաւ անոնց հսկայական ներդրումին, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ ընդլայնել երիտասարդներու մտահորիզոնը՝ անոնց ստեղծագործական ներուժը բացայայտելու համար։

Առաջնորդ Սրբազանը ուրախութեամբ յայտարարեց, որ ընդառաջելով Հիմնարկի դիմումին, ինք ու Ազգ. Վարչութիւնը խնդրամատոյց եղած էին Վեհափառ Հայրապետին, որ այս առիթով ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հիմնադիրներուն շնորհէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը։ Ապա, բեմ հրաւիրեց օրուան պարգեւատրեալները՝ ներկայացնելու Վեհափառ Հայրապետին կոնդակը եւ յանձնելու շքանշանը։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատած էր Սիմոնեան ամոլի նշանակալի ներդրումը Հայ Կրթական Հիմնարկի ընդմէջէն եւ յատկապէս համահայկական մակարդակով անոնց ազգօգուտ գործունէութիւնը ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հիմնադրութեամբ։

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ Տիար Պաղտասարեանի եզրափակիչ խօսքով։

Close Menu

Categories