Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հանդիսաւոր Ս. Եւ Անմահ Պատարագ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով – Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտ

By September 23, 2024No Comments

Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս· Արք. Խաչերեան, Խաչվերացի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ եւ տօնին առիթով շնորհաւորեց Ս. Խաչ ծխական համայնքի զաւակներն եւ բոլոր Խաչիկ, Խաչեր անուն կրողները:

Ս. խորանին սպասարկեցին Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան եւ Արժ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան:

Պատարագի նախօրեակին, Հոգեւոր տեսուչը բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ երախտագիտութիւն յայտնեց անոր, Խաչվերացի տօնին Ս. Խաչ Մայր տաճարի մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցանելուն համար, ապա զայն հրաւիրեց իր քարոզը փոխանցելու եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներուն: Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամ տիար Ճէք Հաճինեան:

Առաջնորդ Սրբազանը իր հերթին անդրադարձաւ Քրիստոսի խաչափայտը գտնուելու պատմութեան եւ նշեց, որ հայ եկեղեցւոյ տօներուն մասին գրուած շարականներուն մէջ կայ նաեւ Խաչվերացի տօնին նուիրուած քառատող մը, ուր կ՛ըսուի, թէ «հաւատացեալներուն օգնական խաչը կանգնեցաւ իբրեւ յաղթանակ թշնամիին դէմ. Եկէ՛ք հաւատացեալներ երկրպագենք»: Համայն քրիստոնեայ աշխարհին հետ հայերս ալ կը տօնենք Ս. Խաչի վերացման տօնը, որ ինչպէս բոլոր տօները, այս եւս կը նշուի մանաւա՛նդ յիշելու համար պատմական դէպք, հրաշք կամ յիշատակելի խորհուրդ մը, աւելցուց ան՝ պատմելով Կոնստանդին մեծն կայսեր մօր՝ Հեղինէին, Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտը գտնելու եւ զայն կանգնեցնելու դէպքին մասին, ապա վեր առաւ խաչին խորհուրդը մարդոց կեանքին մէջ՝ շեշտելով, որ քրիստոնեայ մարդուն համար խաչ կրելը բարոյապէս վեհ ու մաքուր կեանք վարելու շքեղ մարտահրաւէր մըն է, որ Քրիստոսի պատուիրանները մեր առօրեային մէջ անխախտ յանձնառութեամբ գործադրելու քաջարի կեցուածք ու համոզում կ՛ենթադրէ:

Քարոզի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նոյն օրը իրենց վերամուտը նշող Թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու գործունէութեան կարեւորութեան՝ նկատել տալով, որ ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր անհրաժեշտ է, որ աշխարհին բացուած հողմացրիւ հայութեան նոր սերունդի տղաք ու աղջիկներ յաճախեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետներ Սահակ Բ. կաթողիկոս եւ Բաբգէն Բ. աթոռակից կաթողիկոսի տեսիլքով անցեալ դարուն սկիզբը հիմնադրուած եւ ահա 95 տարիէ ի վեր գործող Կիրակնօրեայ դպրոցներ, ուր Հայ Եկեղեցւոյ հովանիին տակ հայ մատղաշ պատանին ու պարմանուհին կը ստանան քրիստոնէական դաստիարակութիւն, կ՛ամրապնդուին քրիստոնէական հաւատքին մէջ եւ ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ վաղը կը դառնան պիտանի հայորդիներ:

Խաչվերացի տօնին առիթով կատարուեցաւ նաեւ մատաղի օրհնութիւն, տեղի ունեցաւ աւանդական անդաստան եւ օրհնուեցան ռեհանի փունջեր: Գնահատելով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու ծառայող ժրաջան ձեռքերը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ընդգծեց աւանդական տօներու կարեւորութիւնը ազգի զաւակներուն կեանքին մէջ եւ անխափան շարունակականութիւն մաղթեց հոգեւոր եւ ազգային աւանդութեանց, որոնք քրիստոնէական հաւատքը կը զօրացնեն եւ հայկական ինքնութեան նոր աւիշ կը ներարկեն, ըսաւ ան:

Close Menu

Categories