Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ին, Հոգեգալուստի տօնին, պետական ուղղութիւններու հետեւողութեամբ, մեր Թեմի եկեղեցիները վերաբացին իրենց դռները։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, նոյն օրը, Հանրապետական Մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 102-րդ տարեդարձին առթիւ։ Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։
Նախքան քարոզը, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանքի հոգեպարար արարողութիւնը, որու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց հայրենիքի դրօշը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած մեր հայրենիքի, ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին բարօրութեան ու պանծացման համար։
Իր քարոզի սկզբնաւորութեան, ան նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ երկու ամիսներ ետք Հայ Եկեղեցւոյ զաւակները դարձեալ ֆիզիքապէս կը համախմբուին Իր տան մէջ՝ գոհութիւն յայտնելու եւ Անոր կենարար ներկայութիւնը վայելելու համար։ Ապա, ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Հոգեգալուստի տօնին խորհուրդը, վեր առնելով Ս. Հոգւոյ շնորհքներուն ներգործութիւնը ոչ միայն անցեալին, այլ մանաւանդ մերօրեայ կեանքին մէջ։
Զուգահեռներ գծելով Հոգեգալուստի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան ու հիմնադրութեան զոյգ տօներուն միջեւ, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ երկու տօներն ալ իրենց մէջ կը բովանդակեն Աստուծոյ նախախնամութիւնը, Ս. Հոգւոյ ներգործութիւնը, սէրը, արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, հաւատարմութիւնը, յարատեւութիւնը, կամքը, կորովը եւ քաջութիւնը, ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդը առաջի՛ն ազգն էր, որ ընդունեց Քրիստոնէութիւնը եւ ապրեցաւ զայն իր ողջ պատմութեան ընթացքին։ «Ցեղասպանութենէն ետք, հայ ազգը յարութիւն առաւ ու Քրիստոսի ուսուցումներուն հաւատարիմ մնալով եւ Ս. Հոգւոյ իմաստութեամբ, առաջնորդութեամբ եւ ներգործութեամբ յարատեւեց, պայքարեցաւ եւ կերտեց իր առաջին անկախութիւնը», ըսաւ ան։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սբրազանը շեշտեց, որ Հոգեգալուստի այս տօնին բոլորս հրաւիրուած ենք վերանորոգելու մեր հաւատքի յանձնառութիւնը եւ հայրենասիրութեան ու հայրենաշինութեան ուխտը, եւ խնդրեց Աստուծմէ, որ Ս. Հոգին Ի՛նք առաջնորդէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, բնակութիւն հաստատէ մեր հոգիներէն ներս, լուսաւորէ ու մաքրազարդէ մեզ եւ մեր մեղքերու մառախուղը մաքրէ, որպէսզի մեր կեանքը շարունակենք ապրիլ արդարութեամբ, հաւատարմութեամբ, յանձնառութեամբ եւ հաւատքի վերանորոգութեամբ։
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատամարտներուն ինկած հերոսներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։