Հինգշաբթի, 28 Մայիսը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-րդ տարեդարձն էր։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 31 Մայիսին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի։ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատամարտներուն ինկած հերոսներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի կատարէ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնն ու Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւնը եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Արարողութիւնը ուղղակի պիտի սփռուի Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Դիմատետրերու պաշտօնական էջերէն։
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան, աղօթք բարձրացնելու մեր անկախ հայրենիքին ու ժողովուրդին ապահովութեան ու բարգաւաճման համար, ինչպէս նաեւ համայն հայ ժողովուրդի անվտանգութեան համար։