Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Այս Հանգրուանին Ապաքինման Շրջան Մը Կը Բոլորէ

By February 16, 2024May 30th, 2024No Comments

Այսու կը յայտնենք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Թեմիս ժրաջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, առողջական պատճառով եւ բժիշկներու յանձնարարութեամբ, անմիջական հանգիստի կարիքը ունենալուն համար, այս հանգրուանին հարկադրաբար կը հեռանայ վարչական պարտականութիւններէ՝ ապաքինման ժամանակահատուած մը բոլորելու:

Առաջնորդ Սրբազանի ապաքինման շրջանին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան պիտի ըլլայ Առաջնորդ Սրբազանի ներկայացուցիչ եւ առաջնորդական գործակատար:

ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎ
16 Փետրուար 2024

Close Menu

Categories