Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեանը եւ Գանատայի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանը, որոնք Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան 65-ամեակի եւ Արեւմտեան Թեմի ինքնուրոյն միաւոր ըլլալու 50-ամեակի աշխատանքներու ծիրէն ներս կը գտնուին Լոս Անճելըս եւ խորհրդակցական եռակողմ հանդիպում կ՛ունենան իրենց Թեմերը յուզող զանազան հարցերու մասին:
Ի հետեւումն՝ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի լոյսին տակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ բոլոր Թեմերուն յղուած շրջաբերականին, Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմակալ երեք Առաջնորդները այս պահուն կը քննարկեն՝ վերանորոգ հաւատքով ու թափով եւ յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայելու բոլոր կարելի հնարաւորութիւնները, յատկապէս ժողովուրդի երիտասարդ ու մատշաղ սերունդներու ազգային, քրիստոնէական, հայեցի եւ կրթական դաստիարակութիւնը աւելի ուժական, տարածուն, հետաքրքրական ու ժամանակակից դարձնելու առումով: