Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հոգեգալստեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ – Առաջորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Եւ Քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

By June 13, 2025No Comments

Կիրակի, 8 Յունիս 2025-ին առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Հոգեգալստեան տօնին առիթով հանդիսապետեց եւ քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, պատարագիչ ունենալով եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանը:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս խորհրդածեց Հոգեգալստեան տօնին առիթով՝ բացատրելով, որ տօնը կը բնորոշէ Ս. Երրորդութեան մաս կազմող Ս. Հոգիի ներգործութիւնը երկրի վրայ. «Տօն, որ կը յաջորդէ Յիսուս Քրիստոսի համբարձման եւ կը խորհրդանշէ Երրորդութեան դէմքերէն Ս. Հոգիի ներգործութեամբ քրիստոնէական եկեղեցւոյ հաստատումը երկրի վրայ», դիտել տուաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ շեշտեց, որ Ս. Երրորդութիւնը թէեւ միշտ միասին կը գործէ, սակայն տուեալ պահու մը անոնցմէ միայն մէկ դէմքն է, որ կը ներգործէ, ինչպէս օրինակ՝ Հին Կտակարանին մէջ միայն Հայր Աստուած է, որ կ՛երեւի՝ իբրեւ Ս. Երրորդութեան ներգործող դէմք, մինչ Տէր Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալով եւ մինչեւ Անոր համբարձումը՝ Ս. Երրորդութիւնը թէեւ միասնաբար, իբրեւ մէկ էութիւն կը գործէ, բայց Որդի Աստուծոյ դէմքն է, որ կը ներգործէ երկրի վրայ, ինչպէս կը տեսնենք Նոր Կտակարանի մէջ ամփոփուած Ս. Աւետարաններու եւ Յիսուս Քրիստոսի կապուած դրուագներուն մէջ»:

Շարունակելով իր խօսքը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումէն ետք եւս եւ մինչեւ օրս այս աշխարհի մէջ Ս. Երրորդութիւնը կը շարունակէ գործել, նաեւ մինչեւ յաւիտեանս՝ ներգործող դէմքը Ս. Հոգին ունենալով, որ Հոգեգալստեան տօնի խորհուրդին ընդմէջէն կը բացայայտուի մեզի: Ս. Հոգիի ներգործութեամբ, աշխարհի վրայ կը հաստատուի Քրիստոնեայ եկեղեցին, որ մինչեւ այսօր կը կրէ Ս. Հոգիին դրոշմը՝ բոլոր խորհուրդներու կատարման մէջ, որովհետեւ Ս. Հոգին է, որ կ՛առաջնորդէ եկեղեցին, կը նորոգէ զայն, կ՛ուսուցանէ ու իբրեւ ուղեցոյց կը ներշնչէ մեզ բոլորս, Հովիւ ու հօտ», աւելցուց ան, ապա իր խօսքը եզրափակեց՝ խնդրելով Ս. Հոգիէն այցելել Աստուծոյ տաճարը լեցուցածներուն սրտերը, նորոգելու, մխիթարելու, ուժ ներշնչելու եւ ամրացնելու համար զիրենք իրենց հաւատքին ու կեանքին մէջ:

Close Menu

Categories