Skip to main content
search
Uncategorized

Հոգեւորականաց Համագումար Եւ Տեառնընդառաջի Տօնախմբութիւն Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

By April 30, 2023May 1st, 2024No Comments

Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ. Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեանի, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երդիքին ներքոյ տեղի ունեցաւ Թեմի Հոգեւորականաց համագումար, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւներուն եւ Հոգաբարձութեան: Համագումարը յատկանշուեցաւ աղօթական մթնոլորտի մէջ կատարուած խորհրդածութիւններով, դասախօսութիւններով, թեմական հարցերու քննարկումով եւ անմիջական ծրագիրներու մշակմամբ:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ ազգի ներկայ կեանքին մէջ տեսանելի մարտահրաւէրներուն եւ կատարեց խորհրդածութիւններ, որոնք մղիչ ուժ հանդիսացան հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող հայրերուն, որպէսզի իրենց ժողովրդանուէր առաքելութիւնը նորովի արժեւորեն եւ միմեանց հովուական փորձառութիւններէն օգտուին:

Համագումարին ատենապետ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, ատենադպիր՝ Արժ․ Տ. Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեան. առաջին դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան եւ ներկայացուց Աստուածաշունչը՝ իբրեւ կենսական Գիրք ու մնայուն ներկայութիւն Քրիստոնեայ անհատի կեանքին մէջ։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Աստուածաշունչը լաւ սերտելու եւ խորքին թափանցելու կարեւորութիւնը՝ ներկայացնելով հոն տեղ գտած գրութիւններու տարբեր հասկացողութիւնները, բնագրային թարգմանութիւններն ու մեկնաբանութիւնները։

Երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, նիւթ ունենալով ընկերային ցանցերն ու անոնց գործածութիւնը հոգեւոր, եկեղեցական կեանքէն ներս։ Ան կարեւորութեամբ շեշտեց ընկերային ցանցերու օգտագործման անհրաժեշտութիւնը հոգեւոր կառոյցներէ ներս եւ ծխական շրջաններու գործունէութեանց տարածման համար: Դասախօսութիւններուն յաջորդեց հարցում-պատասխանի եւ կարծիքներու փոխանակման բաժին։

Յետմիջօրէին ներկայացուեցան զեկոյցներ եւ տեղի ունեցաւ քննարկում՝ Կիրակնօրեայ դպրոցներու, Հոգեւորականաց համագումարներու, Սարկաւագաց համախմբումի, Ս. Գրոց սերտողութիւններու, ընկերային ծառայութիւններու, «Նարեկացի» լսարանի, ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի եւ Կիրակի օրերու հեռատեսիլային մէկժամեայ յայտագիրին մասին։

Համագումարի յաջորդ կէտով քննարկուեցաւ ժամանակացոյցը գալիք տօներուն ու արարողութեանց, ապա Կրօնական ժողովի նիստին հոգեւոր հովիւներ զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն ու ծխական շրջաններու գործունէութեանց մասին: Այնուհետեւ ներկայացուեցան հովուական փորձառութիւններ ու մտահոգութիւններ, քննարկուեցան աշխատանքային ընթացիկ հարցեր եւ արձանագրուեցան առաջարկներ։

Յայտնենք, որ նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Առաջնորդ Սրբազանի նախագահութեամբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն, մասնակցութեամբ Հոգեւոր հայրերու եւ սարկաւագներու: Արարողութեան ներկայ եղան Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քոյր-եղբայրներ եւ բազմահարիւր հաւատացեալներ, ապա ծնողներ իրենց զաւակները սիրով ու երկիւղածութեամբ ընծայաբերեցին Սուրբ խորանին:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանի ձեռամբ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը, որուն բոցերուն խառնուեցան Հոգեւոր հայրերու եւ խուռներամ բազմութեան կողմէ հնչեցուած եկեղեցական շարականներու եւ ազգային երգերու քաղցրաձայն հնչիւնները, հոգեկան լիցքաթափման եւ մարդկային ջերմութեան խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով չորսդին:

Աւարտին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ընտանիքը Առաջնորդ Սրբազանի գլխաւորութեամբ Սիրոյ սեղան մը մատակարարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն:

Close Menu

Categories