Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

«ՀՕՄ-ը Համահայկակա՛ն Բանակ Է», Ըսաւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

By June 30, 2021June 2nd, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 29 Յունիս 2021-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեանի: Անոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները ստանալու իրենց ներկայ եւ հետագայ ծրագիրներու յաջողութեան համար:

Սրբազան Հայրը դրուատանքով խօսեցաւ հայութեան կեանքին մէջ ՀՕՄ-ի ներկայութեան եւ դերակատարութեան մասին՝ նշելով, որ հայ կանանց այս կազմակերպութիւնը իր գոյութեան առաջին իսկ օրէն օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան կարիքաւոր հատուածներուն, բարձր կազմակերպուածութեամբ կը ղեկավարէ իր աշխատանքներն ու ծառայութիւնը եւ ազգը հարուածող ճգնաժամային բոլոր պահերուն աղէտի գօտի օգնութեան փութացող առաջին զինուորագրեալներէն է:

«Մեծ է ՀՕՄ-ը, որովհետեւ մեծ է ու լայնածիր իր ծառայութեան դաշտը հայրենեաց հողի վրայ, թէ աշխարհատարած հայութեան կեանքին մէջ, ուր միշտ ներկայ է ան իբրեւ ազգային ու բարեսիրական անխոնջ կազմակերպութիւն: Աշխատանքի տեսակէտէ՝ ճակատ մեկնող հայ կանանց բանակ է ՀՕՄ-ը, միշտ պատնէշի վրայ եւ ընդհուպ պատրաստ՝ ծառայելու հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ բարձր գնահատեց Արեւմտեան շրջանի, Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի մէջ ու աշխարհի տարածքին գործող ՀՕՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերու հայրենանուէր եւ հայանուէր վաստակն ու գործունէութիւնը:

Հանդիպման աւարտին, Շրջանային վարչութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ անոր մաղթեցին արեւշատ օրեր, անսպառ եռանդ ու քաջապինդ ծառայութիւն Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով ազգի հոգեւոր անդաստանէն ներս: Հուսկ, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան իր օրհնութիւնները փոխանցեց այցելուներուն եւ անոնց ընդմէջէն խրախուսեց աշխարհատարած հօմուհիները՝ յաջողութիւն մաղթելով Հայ Օգնութեան միութեան նախաձեռնած համահայկական բոլոր աշխատանքներուն եւ ազգանուէր ծրագիրներուն:

Close Menu

Categories