Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հ.Ե.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Շրջանի Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

By July 1, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 26 Յունիս 2024-ի յետմիջօրէին, Հ.Ե.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Արենի Համբարեան, Ալեքս Մանուկեան եւ Անի Ղազարեան, հերթապահ Թենի Ալավէրդեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան եւ իրենց ջերմ շնորհաւորանքները փոխանցեցին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, միաժամանակ անոր ներկայացնելով շրջանէն ներս գործող Հ.Ե.Դ.-ի կառոյցը, աշխատանքային ծիրը, իրագործումները եւ Վարչութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ներդրումը բերել ազգային կեանքի զանազան մարզերու յառաջդիմութեան եւ վերելքին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց ուխտեալ երիտասարդներուն ազգայնական ոգին եւ հայրական իր խրատները փոխանցեց անոնց՝ թելադրելով միշտ պատրաստ ըլլալ հո՛ն, ուր պարտականութիւնը կը կանչէ, ապա իր օրհնութիւնները փոխանցեց եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ազգօգուտ ծրագիրներուն:

Close Menu

Categories