Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2022-ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, պետական եւ քաղաքական գործիչ Արթուր Խաչատրեան եւ հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Հ.Հ. պետական գործիչին եւ շնորհաւորեց զինք «Հ.Յ.Դ. Օրուան» 131-րդ ամեակին առիթով: Հ.
buy cenforce online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/cenforce.html no prescription
Յ.Դ. պատգամաւոր Խաչատրեան, իր կարգին, զեկուցեց Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ կացութեան եւ դիմագրաւած բազմամակարդակ դժուարութիւններուն մասին:
Յայտնենք, որ Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Օրուան 131-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ եղաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի, եւ կատարեց բացման աղօթք: