Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Ազգային Առաջնորդարանի Մէջ

By January 3, 2024May 21st, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2024-ի յետմիջօրէին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներու առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, իր կողքին ունենալով Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութեան մը, գլխաւորութեամբ Տիար Աւօ Քէշիշեանի:

Տօնական օրերու փոխադարձ շնորհաւորանքներէ ետք, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան համահայկական հարցեր, այլեւ Հայաստանի, արցախահայութեան եւ Սփիւռքի գաղութներու կեանքը յուզող զանազան մտահոգութիւններ՝ յոյս յայտնելով, որ 2024 տարեշրջանը նուազ փոթորկալի ըլլայ համայն հայութեան եւ հայրենական եզերքին համար:

Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կ. Կոմիտէի միասնականութեան ոգին եւ 132-ամեայ կազմակերպութեան աշխարհասփիւռ անդամներուն մաղթեց համահայկական տեսիլքով առաջնորդուելու ուժ եւ կորով, ներկայ աշխարհին յարիր լեզուով խօսելու իմաստութիւն, ինչպէս նաեւ՝ ազգի ու Հայաստանի դարաւոր իտէալները երիտասարդ ու պատանի սերունդներուն նորոգ շունչով փոխանցելու նուիրական գործունէութիւն:

Close Menu

Categories