Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներ Ազգային Առաջնորդարանի Մէջ

By April 11, 2025No Comments

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Կարօ Մատէնլեանի եւ անդամներու: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէթլեան:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան համահայկական հարցեր, այլեւ Հայաստանի, արցախահայութեան եւ Սփիւռքի գաղութներու կեանքը յուզող զանազան մտահոգութիւններ, ինչպէս նաեւ արեւմտեան շրջանի կեանքի բարելաւման հետ կապուած ծրագիրներ:

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչները, շնորհաւորեց Հ.Յ.Դ.-ի 134 -ամեայ երթը եւ նորոգ ուժ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Close Menu

Categories