Չորեքշաբթի, 19 Մայիս 2021-ի յետմիջօրէին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յատուկ պատուիրակութեամբ մը, որ կը բաղկանար Բիւրոյի անդամ Արամ Գալուստեանէ, Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռոստոմ Այնթապլեանէ եւ անդամներէ, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Հանդիպման աւելի ուշ միացան Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներ:
Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ միատեղ քննարկելու մեր ազգային ու հայրենական կեանքը յուզող հրատապ հարցեր: Այս առիթով Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մանրամասն խօսեցաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակի եւ Արցախի յետ պատերազմեան կացութեան մասին: