Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր էջ (Լուրերու լուսարձակ)Գլխաւոր ԼուրերԼուրերու լուսարձակ

«Մեր Աշակերտները Հայկական Ինքնութեան Հաւատարիմ Ժառանգներն Են», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

By June 12, 2024June 18th, 2024No Comments

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, անցնող շաբաթավերջին ապրեցաւ հոգեպարար պահեր եւ իր ջերմ ու անմիջական գնահատականներով զարդարեց Ազգ. վարժարաններու ամավերջի հանդէսները, որոնք իրենց բարձր կազմակերպուածութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ սիրով եւ ուրախութեամբ թրթռացուցին ծնողներու, ուսուցիչներու, հարազատներու, բարեկամներու եւ բարերարներու սիրտեր:

Արդարեւ, Ազգ. մանկամսուր-մանկապարտէզներէն մինչեւ նախակրթարան, ապա միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարան յաճախող աշակերտները իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին ե՛ն ու կը մնան հաւատարիմ կրողները հայկական ինքնութեան բոլոր բաղադրիչներուն՝ հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նշեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր արտասանած պատգամներուն մէջ: Հանդէսներու ընթացքին անոր գնահատանքի ջերմ խօսքերը առաջին հերթին միշտ ուղղուեցան ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները հայկական վարժարան ղրկելու համար բազում զոհողութիւններ կը կատարեն, ապա` կրթական պատասխանատուներուն ու մշակ-ներուն, որոնք իրենց վստահուած աշակերտներուն մէջ վաղուան հայ մարդը կը կերտեն տակաւին շատ փոքր տարիքէն, իսկ հանդէսներու աւարտին, ան նաեւ դրուատանքով ողջունեց աշակերտական խուռներամ շարքերը՝ մանկամսուրէն մինչեւ 12-րդ կարգ, եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, իրենց յառաջիկայ քայլերուն ու կեանքին մէջ:

Հեւքոտ երեք օրերու մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ դպրոցէ-դպրոց եւ բաժինէ բաժին հանդէսներու, հետեւեալ յաջորդականութեամբ.

– Ուրբաթ, 7 Յունիս 2024-ին երեկոյեան, Քրեսենթա Հովիտի Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան միջնակարգ վարժարանի 6-րդ կարգի եւ աւարտական 8-րդ կարգի հանդէսներ, որոնց նաեւ ներկայ եղան յաջորդաբար Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Սարգիս Թաթիկեան եւ Արա Շապանեան:

– Շաբաթ, 8 Յունիս 2024-ի յետմիջօրէին, Փասատինայի Լ. եւ Յ. Թաւլեան Ազգ. մանկամսուր-մանկապարտէզի հանդէս, որուն նաեւ ներկայ եղաւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Սարգիս Թաթիկեան:

– Կիրակի, 9 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Երկրդ. Վարժարանի 8-րդ եւ 12-րդ կարգերու հանդէս, որուն նաեւ ներկայ եղաւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան:

Նոյն օրը Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց նաեւ Ռոն եւ Գոհարիկ Կապրիէլ մանկամսուր, ուր ընդունուեցաւ վարչուհիին՝ Տիկին Անգին Իսկաճեանի, վարժարանի նորանշանակ տնօրէնուհի՝ Օրդ. Լենա Կարապետեանի եւ Ուսումնական մարմինի անդամներուն կողմէ, ապա ծանօթացաւ մանկամսուրի բաժիններուն, ընկերակից ունենալով հայկական տարազով զինք դիմաւորող զոյգ մը աշակերտ:

– Կիրակի, 9 Յունիս 2024-ի յետմիջօրէին, Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի շրջանաւարտ 12-րդ կարգի հանդէս, որուն նաեւ ներկայ եղաւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Դոկտ. Գալուստ Ակոբեան:

Close Menu

Categories