Skip to main content
search
Uncategorized

«Մեր Նուէրները Արցախի Մանուկներուն Տուէք», Ըսին Փոքրիկները. Առաջնորդ Սրբազանին Պատասխանը Եղաւ, «Մեծ Սիրով»

By December 10, 2022June 10th, 2024No Comments

– ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐԻՒՐ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը ուրախութեամբ ցնծաց, երբ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի առաջին կարգի փոքրիկ աշակերտները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով ներկայացուցին գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին արտաբերուած ամէն մէկ բառ, երգ ու խմբերգ աստուածային իմաստուն մտածումի մը ցոլացումն էր, արտաբերուած՝ հրաշք փոքրիկներու անմեղ հոգիներէն: Անոնք, իրենց պատասխանատուներով ու ծնողներով եկած էին Ազգ. Առաջնորդարան, շնորհաւորելու համար իրենց Առաջնորդ Սրբազանին՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը:

«Բազմերանգ երգեցողութիւնը՝ ձեր մանկական սուրբ հաւատքին ամենապերճ արտայայտութիւնն է, ձեր ծնողներուն դաստիարակութեան եւ ձեր ուսուցիչներուն հետեւողական աշխատանքին ցոլացումն է: Այս տարուան իմ ամենամեծ նուէրս դո՛ւք էք եւ ձեր հայ-քրիստոնեայի ամենաիտէալական կերպարը, որ երաշխաւորն է մեր ցեղի շարունակականութեան ու մեր տեսակի յաւերժութեան», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ բարձրօրէն գնահատեց փոքրիկներուն այն նուրբ ու տեղին խնդրանքը, թէ՝ «մենք նուէր չենք ուզեր, մեր նուէրները Արցախի մանուկներուն տուէք»:

Ազգային Առաջնորդարանը հաւատարիմ Քրիստոսի գծած ուղիին եւ անթիլիասական ոգիին, կը շարունակէ իր զօրակցութիւնը ամէն հեղ ցուցաբերել Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան, մինչ այսօր, հրաշք մանուկներու ինքնամոռաց խնդրանքին ընդառաջ, Առաջնորդ Սրբազանի օրհնութեամբ Արցախի մէջ հարիւր կարիքաւոր ընտանիքներու անգամ մը եւս Արեւմտեան Թեմէն կ՛երկարի «սիրոյ ձեռք», որպէսզի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօները համբուրելի Արցախի հայ ընտանեաց պարգեւեն երկնային ջերմութիւն ու կեանքի ներշնչանք՝ իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու եւ արարելու յուսառատ շողերով պարուրուած:

Close Menu

Categories