Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2020-ին, կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդին, տեղի ունեցաւ «Յաղթանակի Երթ», որ սկիզբ առաւ Pan Pacific Park-էն եւ աւարտեցաւ թրքական հիւպատոսարանին դիմաց։ Քայլերթին մասնակցեցան աւելի քան 150,000 հայորդիներ, որոնք իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի մեր հերոս հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը իրազեկելու, որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին դատապարտեն թուրք-ազերիական հայատեաց ու անմարդկային յարձակումը։
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները Հայաստանի եւ Արցախի տասնեակ հազարաւոր դրօշակներով կը գոչէին՝ ըսելով. «Արցախը Հայաստան է», «Հայաստանը խաղաղութիւն կ՛ուզէ», «Թուրքիան պատերազմական ոճիրներ կ՛իրականանցէ…»։
«Տէրունական Աղօթք»ի հաւաքական երգեցողութենէն ետք, խօսք առին հոգեւոր առաջնորդներ՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերապայծառ Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, Համահայկական Խորհուրդի եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնատարներ, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի ժողովուրդին մղած պայքարին ու դատապարտեցին թուրք-ազերիական անյագ ոտնձգութիւնները։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան, քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ համայնքային ներկայացուցիչներ։