Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սկիզբ առած յարձակման յաջորդող օրերուն, Սփիւռքի բոլոր հայերը միաւորուեցան եւ մէկ բռունցք դարձան՝ իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելու մեր հերոս հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը իրազեկելու, որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին դատապարտեն թուրք-ազերիական հայատեաց ու ռազմատենչ յարձակումը։ Նշենք, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան, իսկ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին միջոցաւ դրամահաւաք կը կատարուի՝ Հայաստանի եւ Արցախի զօրակցութեան համար։
Այս առթիւ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը, Կիրակի, 11 Հոկտեմբերին կազմակերպած է յաղթանակի քայլարշաւ, որ սկիզբ պիտի առնէ Pan Pacific Park-էն (7600 Beverly Blvd., Los Angeles) եւ պիտի աւարտի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց (8500 Wilshire Blvd., Beverly Hills)։
Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ խուռներամ ներկայութեամբ մասնակից ըլլան քայլարշաւին՝ մեր ձայնը լսելի դարձնելու ի խնդիր արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատման։