Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

«Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարուան» Հայրապետական Պատգամի Ընթերցում Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

By January 14, 2020June 3rd, 2024No Comments

Կիրակի, 12 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարուան» պատգամը ընթերցուեցաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, ներկայ հաւատացեալները հաղորդակից դարձուց Նորին Սրբութեան պատգամին եւ միաժամանակ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործնապէս զօրակցելու խնամքի կարօտ հայորդիներու։

Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ` Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու անդամներ, համայնքի խնամքի կարիք ունեցող երեխաներ իրենց ծնողներու հետ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

«Հայր Մեր»էն առաջ, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, հոգեւոր հովիւը Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը հանդիսաւոր կերպով յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Առաջնորդ Սրբազանը նախ շնորհաւորեց ծխական համայնքի Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը եւ ապա փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները։ Ան նշեց, որ Վեհափառ Հայրապետին հռչակագրին ընդառաջ, Ազգ. Առաջնորդարանի այս տարուան օրացոյցը ձօնուած է «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարուան», որ կը սկսի Քրիստոսի պատգամ-հրաւէրով. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մտ. 11.28)։ Հրաւէր մը, որ երբ ընդունինք զԻնք, վստահինք Իրեն եւ ապրինք Իր կամքին համաձայն, այդ ժամանակ մեր խաղաղութիւնն ու հոգեկան հանգտութիւնը կը գտնենք։

Անդրադառնալով Վեհափառ Հայրապետին պատգամին, Առաջնորդ Սրբազանը լուսարձակի տակ բերաւ մեր ժողովուրդին անբաժան մասնիկ եղող՝ յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիները, որոնք պէտք է մեր գուրգուրանքի առարկան դառնան՝ առանց խտրականութեան։ Այլ խօսքով, մեր ընկերութեան եւ հաւաքական կեանքին մէջ անոնք պէտք է ունենան հաւասար իրաւունքներ եւ կարելիութիւններ։ Ապա, ան օրհնեց խնամքի կարիք ունեցող հրաշք երեխաները, անոնց նուիրեալ ծնողները, Կիրակնօրեայ վարժարանի սիրասուն փոքրիկները եւ ներկայ հաւատացեալները: Աւարտին, արտասանուեցաւ «Ով Տէր մեր Աստուածը, Քու ժողովուրդէդ փարատէ ցաւերը եւ բժշկէ հիւանդութիւնները…» Հայ Եկեղեցւոյ պարզ բայց խորիմաստ բժշկութեան աղօթքը, որով Վեհափառ Հայրապետը աւարտած էր իր հռչակագիրը։

«Տէր ողորմեա»էն առաջ, հոգեւոր հովիւը, յանուն Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ խնդրեց ներկաներէն, որ «Տէր Ողորմեա»ի պահուն աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար, շարունակելու իր հովուական սրբազան առաքելութիւնը մեր Թեմէն ներս՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ:

Ս. Պատարագի աւարտին, դպրաց դասը հնչեցուց «Խորհուրդ մեծ» շարականը՝ անգամ մը եւս աւետելով Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծնունդն ու Յայտնութիւնը:

Close Menu

Categories