
Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիները մեծաշուք հանդիսաւորութեամբ նշեցին Ծաղկազարդի տօնը, որ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յատկանշական յիշեցումն է ամէնամեայ դրութեամբ եւ շատ սիրելի տօնը նորազգեստ մանուկներուն ու մեծերուն:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց համալիրին մէջ, ուր ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը, անդամ՝ Ազնուափայլ Ծովիկ Զէյթլեան եւ Կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն:
Տօնին խորհրդանշած մանուկներու թափօրէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց աւուր պատշաճի պատգամ՝ վեր առնելով Ծաղկազարդի խորհուրդն ու նշանակութիւնը քրիստոնեայ աշխարհին համար՝ ըսելով, որ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը եղաւ գործադրումը Աստուծոյ խօսքին՝ Հին Կտակարանի մէջ արձանագրուած, թէ մարգարէութեանց ճամբով փոխանցուած՝ դիտել տալով, որ Յիսուս ո՛չ թէ իբրեւ երկրային Երուսաղէմի թագաւոր ներկայացաւ, այլ երկնքի թագաւորութեան յաւիտենական խորհուրդն էր, որ համայն մարդկութեան տարածել ուզեց՝ համեստ աւանակի վրայ, ձիթենեաց՝ խաղաղասիրութեան խորհրդանիշ ճիւղերով մտաւ Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրի իրականացման ի նպաստ, այլ ոչ թէ հրեայ ժողովուրդին երկրային թագաւորն ու իշխանը կոչուելու համար, աւելցուց ան եւ այս մասին տուաւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ:
Խօսելով մանուկներու թափօրին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը լուսաբանեց խորհուրդը եւ այս առիթով մէջբերեց Պօղոս Առաքեալի՝ «Եղբայրնե՛ր, միտքով երեխայ մի՛ ըլլաք. երեխաներու պէս եղեք միայն չարիք խորհելու մէջ. իսկ անկէ դուրս՝ հասուն մարդու պէս խորհեցէք» խօսքը, որ արձանագրուած է Ա. Կորնթացիներու 14.20 համարին մէջ, ապա անդրադարձաւ Ծաղկազարդին յաջորդող Աւագ Շաբթուան խորհուրդին՝ Յիսուսի չարչարանքներ, խաչելութիւն եւ մահ, որմէ ետք՝ աստուածային շքեղ յարութիւն, «որով երկինքը վերստի՛ն որդեգրեց մարդը եւ Յիսուս Փրկիչին միջոցով անոր առջեւ վերաբացաւ երկնային դրախտի դուռը», շեշտեց Գեղամ Արքեպիսկոպոս՝ ընդգծելով, որ մարդ արարածի փրկագործութեան ճամբան Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է, Որուն հաւատացողը պիտի չկորսուի բնաւ, այլ՝ յաւիտենական կեանքի պիտի արժանանայ եւ երկինքի մէջ բնակի:
Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, ներկաներուն սրտերը լեցուեցան հայկական շարականներու եւ աղօթասացութեանց հնչիւններով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ մանուկներու թափօրը տօնին ջերմութեամբ ողողեց հոգիները, մինչ եկեղեցի ու ժողովուրդ անքակտելիօրէն միացած՝ աղօթքներով փառաբանեցին զԱստուած եւ ուրախութեամբ շնորհաւորեցին միմեանց Ծաղկազարդը:
Յայտնենք, որ յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց դռնբացէքի արարողութիւն:
ԴՌՆԲԱՑԷՔ՝ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Դռնբացէքի յատուկ արարողութեան, ապա քարոզին մէջ անդրադարձաւ անոր խորհուրդին՝ դիտել տալով, որ Դռնբացէքը ուղղակի առնչութիւն ունի Աստուածաշունչի մէջ նշուած «վերջին դատաստանին», ուրկէ ներս մտնելու միակ ճամբան Յիսուս Քրիստոս Ինքն է, ապա մէջբերեց Տիրոջ խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Ե՛ս եմ դուռը: Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի» (Յովհաննէս 10.9):