Հինգշաբթի, 16 Յունիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ղպտի Ուղղափառ Սերաֆիոն Մեթրոփոլիթը Նորթրիճի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. եւ անմահ Պատարագ, որուն ներկայ եղան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ երկու թեմակալ առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասի մասնակցութեամբ:
Այս առիթով, սրտի խօսք ու քարոզ արտասանեցին Սրբազան Հայրերը, եկեղեցւոյ մէջ ստեղծելով քրիստոնէական եկեղեցիներու միութեան մէկ հազուագիւտ պատկեր, երբ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ եկեղեցւոյ գմբեթին ներքեւ միացեալ աղօթքներով ու Պատարագով փառաբանեցին զԱստուած եւ լեցուեցան Ս. Հոգւոյ շնորհներով: