Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2020-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանին նուիրուած յուշ երեկոյ մը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ոգեկոչման յանձնախումբին։
Օրուան բանախօսն է Տիար Գէորգ Պետիկեան։ Խօսք պիտի առնեն Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, եւ Տեարք Մայք Եուսուֆեան ու Սարգիս Մահսէրէճեան։
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի եւ Սահակ Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանի աշակերտներ, ինչպէս նաեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասը։
Ձեռնարկը կը սկսի երեկոյեան ժամը 7-ին։ Մուտքը ազատ է։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն ձեռնարկին, յարգելու համար Աստուծոյ, Հայ Ազգի ու մշակոյթի հաւատաւոր ծառայ՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի անմեռ յիշատակը։